Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հ­ռո­մի ­Լե­ւո­նեան ­Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան ­Հայ ­Վար­ժա­րա­նի փոխ-տե­սուչ Գ­րի­գոր Վրդ. ­Պա­տի­շահ լրագ­րող­նե­րու յայտ­նած է, թէ ­Յու­նիս 24էն 26 ­Հա­յաս­տան կա­տա­րե­լիք իր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, Ֆ­րան­սիս ­Պապ նա­խա­տե­սած էր միջ­նոր­դել Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մօտ՝ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րու վե­րա­բաց­ման հար­ցով:

­Սա­կայն Հ­ռո­մի ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը, նկա­տի ու­նե­նա­լով ներ­կա­յի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան լա­րո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը՝ հրա­ժա­րած է այդ տրա­մադ­րու­թե­նէն: Ըստ ­վար­դա­պե­տին՝ ­Պա­պը նա­խա­տե­սած էր ­Յու­նիս 25ին եր­թալ թրքա­կան սահ­ման, որ փակ կը մնայ 1994էն ի վեր, եւ խա­ղա­ղու­թեան ու հաշ­տու­թեան ի նպաստ քայ­լի մը ձեռ­նար­կել: