Նոր Գիւղի վրայ աւելի քան 30 հրթիռներ ինկած են։ «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ թաղամասին մէջ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով՝ հրոյ ճարակ դարձած է հայ արհեստաւորի մը խանութը, զոհուած են 3 հայորդիներ, որոնց ածխացած դիակները փոխադրուեցան հիւանդանոց։ Վայրկեաններ անց մահացաւ նաեւ Նոր Գիւղի մէջ վիրաւորուած այլ հայորդի մը։ Շտապ օգնութեան մեր աղբիւրներէն իմացանք, թէ զոհուած հայորդիներն են.- Վազգէն Ճապաղջուրեան Լեւոն Քէլխաչերեան Յովսէփ Ջանեցեան Խաչիկ Ապուլապութեան
Այս մասին «Եռագոյն»ին կը յայտնէ Գանձասարի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։