Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ուրբաթ երեկոյեան, նախագահելով Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 30-ամեակի հանդիսութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց համայնքի կեանքէն ներս եկեղեցւոյ առանցքային դերը ու կեդրոնական տեղը:

Ան ըսաւ. «եկեղեցին մեր ժողովուրդին համար սոսկ կրօնական կառոյց մը չէ, այլ իր հաւատքի հաւաքական տունն է: Այս տան հայրը Աստուած է եւ մենք՝ զաւակները այս մեծ ընտանիքին: Հետեւաբար, պէտք է հաւաքուինք մեր եկեղեցւոյ շուրջ: Եկեղեցին կը պայծառանայ մեր մասնակցութեամբ անոր կեանքին ու առաքելութեան: Ու մենք որպէս համայնք, հոգեպէս կը վերանորոգուինք մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքէն ներս եկեղեցւոյ ներկայութեամբ: Այս եկեղեցին դուք շինեցիք, որպէս ձեր հաւատքի տունը: 30-ամեակը յիշեցում մըն է վերանորոգ նուիրումով շարունակելու ձեր մասնակցութիւնը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կեանքին»:
Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ հայրապետը նաեւ կոչ ուղղեց Կիպրոսի հայութեան իր ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու: Վեհափառը ըսաւ «անցնող ամիսներուն ներկայացուցչի ընտրութեան առիթով ներքին զգայութիւններ ու լարուածութիւններ յառաջացան գաղութէն ներս: Սա թերեւս բնական երեւոյթ է ժողովրդավարական սկզբունքներով կատարուող ընտրութիւններու ընթացքին: Սակայն, այս վատառողջ երեւոյթին շարունակումը համայնքէն ներս անբանական է ու վնասաբեր: Անհրաժեշտ է հեռու մնալ նման կացութիւններէ ու երեւոյթներէ ու ամրապնդել համայնքի ներքին միութիւնը, որպէս աղբիւր մեր հաւաքական հզօրութեան»:
Իր պատգամի վերջին բաժնին մէջ, Վեհափառ հայրապետը գնահատեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորակազմ երգչախումբը՝ իր կատարած սրբազան համերգին առիթով: Վեհափառը նաեւ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեանին, ըսելով, թէ Սրբազանը գաղութէն ներս  յատկապէս նախաձեռնեց նոր շինութիւններու ու միաժամանակ ծաղկեցուց գաղութի մշակութային կեանքը՝ զանազան ձեռնարկներ կազմակերպելով: Այս առիթով, Վեհափառ հայրապետը պանակէ մը նուիրեց կաթ. փոխանորդ Սրբազանին:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 30-ամեակին առիթով նախ տեղի ունեցաւ սրբազան համերգ, ապա անոր յաջորդեց երեսնամեակին առիթով Վեհափառ հայրապետինհ սրբատառ Կոնդակի ընթերցումը՝ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի կողմէ: Ապա խօսք առաւ Կիպրոսի կաթ. փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան: Ան յիշեցուց ներկայ ժողովուրդին, թէ անցնող 30 տարիներու ընթացքին Ս. Աստուածածին եկեղեցին իր հաւատքի վկայութեամբ դարձաւ ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքէն ներս:
Հանդիսութեան ներկայ էին Վեհափառ հայրապետին կողքին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Համաժողովին մասնակցելու համար Կիպրոս գտնուող Թեհրանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Գեղամ արք. Խաչերեան, կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան: Ներկայ էին նաեւ Կիպրոսի մէջ համայնքի պետական ներկայացուցիչ տիար Վարդգէս Մահտեսեան, Ազգ. իշխանութեան ներկայացուցիչները, համայնքէն ներս գործող կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութենէն յետոյ Ազգ. Իշխանութիւնը ի պատիւ Վեհափառ հայրապետին ընթրիք մը սարքեց, որու ընթացքին հաւաքական քննարկումի նիւթ դարձան թեմին առնչուած կարեւոր հարցեր: Հոս եւս Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց ներքին գործակցութեան ու միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը՝ տեսակէտներու ու մօտեցումներու փոխադարձ յարգանքով:

ՎԵՀԱՓԱՌԸ ԱԶԳ. ՆԱՐԵԿ  ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Յաջորդ օր առաւօտեան, Անթիլիասի Մայրավանք վերադառնալէ առաջ, Արամ Ա. կաթողիկոս իր շքախումբով այցելեց Նիկոսիոյ ազգ. Նարեկ վարժարանը: Վարժարանի մուտքին Վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան Սրբազանի, պետական ներկայացուցչին,  վարժարանիի հոգաբարձութեան ու տնօրէնին կողմէ: Ապա Վեհափառ հայրապետը աշակերտներու ծափողջոյններով մուտք գործեց դպրոցի սրահը, ուր աշակերտութեան կողմէ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Յաջորդաբար խօսք առին Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Վարդան Թաշճեան եւ Տնօրէնուհի տիկին Վերա Թահմազեան, որոնք ողջունելով Վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը, իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին հայ դպրոցին նկատմամբ Վեհափառին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար:
Իր հայրական խօսքին մէջ, Վեհափառ հայրապետը աշակերտներուն յիշեցուց թէ որքան ինք ուրախ է հայ մանուկները ու պատանիները տեսնելով հայ դպրոցէն ներս: Ան ըսաւ՝ «հայ դպրոցը բոլոր հայ մանուկներուն ու պատանիներուն տունն է: Այս տունը մեզի համար հիմնեց Ս. Մեսրոպ Մաշտոց. այս տունը մեզի համար նուիրական է, որովհետեւ հոս մենք մեր լեզուն ու պատմութիւնը կը սորվինք, ճշմարտօրէն հայ կըդառնանք»: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ աշակերտներուն, թէ իրենք ուրախ պէտք է զգան թէ այսպէս լաւագոյն պայմաններու մէջ իրենք կը դաստիարակուին: Այս առիթով Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց Կիպրոսի պետութեան, որ իր նիւթաբարոյական աջակցութեամբ մեծապէս սատար կը հանդիսանայ Նիկոսիոյ, Լառնագայի ու Լիմասոլի մէջ Ազգ. Նարեկ վարժարաններու առաքելութեան: Վեհափառը նաեւ իր գնահատանքը փոխանցեց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Սրբազանին, Պետական ներկայացուցչին, հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք կը շարունակեն սատար հանդիսանալ դպրոցի յառաջդիմութեան ու ծաղկումին: