Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altԳեր­մա­նիոյ ­Կա­նաչ­նե­րու ­Կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար, թուրք պատ­գա­մա­ւոր ­Ճեմ Օզ­տե­միր, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցի նա­խա­շե­մին 20րդ ­դա­րի ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու բա­նա­ձեւ մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Պուն­տես­թակ, երկ­րի խորհր­

դա­րա­նի նիս­տի ըն­թաց­քին ը­սած է, որ ­Գեր­մա­նիան կը լռէ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած հա­յե­րու, ա­սո­րի­նե­րու, յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով:

Ան նշած է, որ ե­թէ 1915ի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը բա­ցա­յայ­տո­ւէր, հե­տա­գա­յին ­Թուր­քիոյ մէջ ա­լե­ւի­նե­րու, յոյ­նե­րու, քիւր­տե­րու եւ ազ­գա­յին այլ փոք­րա­մաս­նու­թեանց վրայ յար­ձա­կում­նե­րը եւ ճնշում­նե­րը չէին ըլ­լար. «Ե­թէ հա­յե­րը չսպան­նո­ւէին, ­Վա­նը կը դառ­նար ա­րե­ւել­քի ­Փա­րի­զը»,- ը­սած է Օզ­տե­միր, կը հա­ղոր­դէ ermenihaber.am:

­Պատ­գա­մա­ւո­րը նաեւ ը­սած է.- «Թր­քա­կան դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ պէտք է գրո­ւի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, ե­րե­խա­նե­րուն հե­րո­սը ­Թա­լէաթ փա­շան պէտք չէ ըլ­լայ»:

2015ին ­Ճեմ Օզ­տե­միր ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կոչ ը­րած է ճանչ­նա­լու 100 տա­րի ա­ռաջ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ հա­յե­րու դէմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Ան ա­փ­սո­սանք յայտ­նած է, որ ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պատ­շաճ կեր­պով չի քննա­դա­տեր 1915-1916 թո­ւա­կան­նե­րուն ի­րա­գոր­ծո­ւած ա­րիւ­նա­լի յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը: