«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Կանաչներու Կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիր համոզում յայտնած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը 2 Յունիսին պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Տէօչէ Վելլէ»ի թրքական ծառայութեան հաղորդումով` Էօզտեմիր նիւթին անդրադարձած է «Տէօչէ Վելլէ Թի.Վի.»ի «Տագնապի շրջան» հաղորդման ընթացքին:
Ան նշած է, որ իրենք ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի կառավարութիւնը ընդունի, թէ 1915ին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ 100 հազարաւոր հայերու սպանութիւնը ցեղասպանութիւն եղած է:
«2 Յունիսին, 100 տարի շարունակ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելէ ետք, Գերմանիոյ դաշնակցային խորհրդարանը որոշում պիտի տայ այն մասին, որ ատիկա ցեղասպանութիւն եղած է, եւ Գերմանիան ալ, իբրեւ Օսմանեան Կայսրութեան դաշնակիցի, նոյնպէս որոշակի պատասխանատուութիւն կը կրէ ատոր համար»,- ըսած է երեսփոխանը: