19 Ապրիլի դրութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան նախաձեռնութեան միացած են յաւելեալ 238 իրաւաբանական հիմնարկ-ձեռնարկութիւններ եւ հայրենակիցներ:
Այդ թուականին, կառավարութեան բացած դրամատնային հաշիւին մէջ, հաւաքուած է 146.000.000 դրամ՝ ընդանուր գումարը հասցնելով 3.295.000.000 դրամի:
Նախաձեռնութեան միացած է նաեւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը։ Հ.Օ.Մ.ականները 50 հազար տոլար փոխանցած են Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան դրամատնային հաշիւին։