«Այբ» դպրոցի մարդամեքենայի շինութեան խումբը 7-9 Ապրիլին մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգի Մարիոն քաղաքին մէջ կայացող հեղինակաւոր «Նեշընըլ Ռոպոթիքզ Չելընճ» մրցումին, որու ընթացքին տիրացած է արծաթ շքան
շանի եւ «Հոնտա Ինովէյշըն Ըվորտզ» հեղինակաւոր մրցանակով՝ անգամ մը եւս Հայաստանի անունը բարձրացնելով միջազգային կրթական բնագաւառին մէջ:
«Այբ»ի վերոնշեալ խումբը քանի մը ամիս շարունակ պատրաստուած է այս մրցումին, որու ընթացքին աւելի քան 1300 մասնակից եւ աւելի քան 400 մարդամեքենայ ներկայացուած է։ Հայ աշակերտները ներկայացած են իրենց սումօ ռոպոթով, եւ մրցոյթին ներկայացած խումբերուն մէջ մեծ թիւ կը կազմէին այդ բաժանմունքին մասնակիցները:
Հազարաւոր հանդիսատեսներու աչքին առջեւ հայկական խումբին մարդամեքենան երկու օր շարունակ մարտի մէջ եղած է այլ աւագ դպրոցներու եւ քոլէճներու ներկայացուցած մեքենաներուն հետ: «Այբ»ի մարդամեքենան յաղթած է այնպիսի խումբերու, որոնք տարիներ շարունակ մասնակցած են այս մրցումին՝ մրցանակ շահելու յոյսով:
«Այբ»ի շինութեան խումբի ղեկավար Վազգէն Գաբրիէլեան ըսած է, որ մրցումին մասնակիցներն ու հիւրերը հիացած են խումբին տարած աշխատանքով։ «Բոլորը հերթով մօտենում էին մեզ ու խնդրում ռոբոտին ձեռք տալ, նկարուել դրա հետ:»,- ըսած է ուսուցիչը: