Երուսաղէմի մէջ, Ապրիլ 14ին, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց, հայ համայնքի քանի մը հարիւր ներկայացուցիչներ իրականացուցած են բողոքի ցոյց` Ատրպէյճանին զէնքի վաճառքը դադրեցնելու պահանջով:
Ցոյցը կազմակերպած է Երուսաղէմի Միացեալ Յանձնախումբը, որուն մասնակցած են Երուսաղէմի, Եաֆայի, Բեդախ Դիգուայի եւ Հայֆայի հայ համայնքի անդամներն ու նաեւ հրեաներ:
Ցոյցի ընթացքին ելոյթ ունեցած է Երուսաղէմի նախկին փոխ-քաղաքապետ Փիթըր Ալալուն, որ նշած է, թէ կը կիսէ հայ ժողովուրդին ցաւը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վիշտը եւ անընդունելի է, որ այսօր Ատրպէյճանը Իսրայէլի վաճառած զէնքով կը սպաննէ հայ ժողովուրդը: Ան կոչ ուղղած է Իսրայէլի իշխանութեան՝ դադրեցնելու զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանին:
News.amի հետ զրոյցի ընթացքին՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Հայր Կորիւն նշած է, որ ցոյցի մասնակիցները նաեւ նամակ յանձնած են Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարին, որուն մէջ հայ համայնքը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու վերաբերեալ: