Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Թուրքիոյ ղեկավարութեան հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին ԱՄՆի փոխ նախագահը քննարկած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցը

Միացեալ նահանգներու փոխ նախագահ Ճոզէֆ Պայտըն Ուրբաթ 2 Դեկտեմբերին երկօրեայ այցելութեամբ Թուրքիա գտնուեցաւ, Անգարայի մէջ մասնակցելու համար «Համաշխարհային նախաձեռնութիւն» խորագիրով խորհրդաժողովին, որմէ ետք ան անցաւ Պոլիս, ուր Շաբաթ օր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Ըստ Պայտընի մէկ խորհրդականին կողմերը քննած են շարք մը հարցեր: Պայտընի եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն միջեւ խորհրդակցութեանց հիմնական նիւթերը շօշափեցին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները, Կիպրոսը, հայ-թրքական յարաբերութիւնները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ Աֆղանիստանը:
Երէկ Կիրակի երեկոյեան Աթէնք ժամանելով Ճօ Պայտըն, փութաց խօսելու Եւրոգօտիէն ներս դիմագրաւուող տագնապի մասին, դիտել տալով թէ ԱՄՆ կը զօրակցի տնտեսական տագնապէն դուրս գալու նպատակաուղղուած Յունաստանի ծրագիրներուն:
Ան նշեց թէ պահը հասած է վճռական որոշումներու յանգելու, դիտել տալով թէ «ժամանակը կը սպառի՝ ոչ միայն Եւրոպայի համար, այլ նոյնպէս Ամերիկայի եւ համայն աշխարհի համար»:
Այսօր կէսօրին նախատեսուած է Ճօ Պայտընի հանդիպումը Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի հետ: