Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ար­ցախ-­Հա­յաս­տան մենք միա­սին ենք, մենք ու­ժեղ ենք. ա՛յս նշա­նա­բա­նով ալ ­Ռու­սաս­տա­նի հա­յե­րու ե­րի­տա­սար­դա­կան քա­նի մը կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, այս օ­րե­րուն, նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հան­դէս ե­կած են` յօ­գուտ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թեան խա­ղաղ բնակ­չու­թեան:

Այս մա­սին «Ի­րա­ւունք»ին տե­ղե­կա­ցու­ցած է ­Ռու­սաս­տա­նի մէջ յայտ­նի հա­ղոր­դա­վա­րու­հի ­Նա­յի­րա ­Նիա­զեան: Իբ­րեւ ար­դիւնք հա­սա­րակ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու աշ­խու­ժու­թեան ու հայ­րե­նա­կից­նե­րուն սա­տա­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան շնոր­հիւ՝ հա­ւա­քո­ւած է մօտ 20 թոն օգ­նու­թիւն, որ շու­տով կը հաս­նի Ար­ցախ: