Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԵ­րեք­շաբ­թի՝ Ապ­րիլ 12ին, ­Շո­ւէ­տա­կան խորհր­դա­րա­նի կից Ս­թոք­հոլ­մի մէջ, ­Շուէ­տա­հա­յու­թիւ­նը իր բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­նե­րու հետ կա­տա­րեց զօ­րակ­ցա­կան ցոյց մը՝ ընդ­դէմ ատր­պէյ­ճա­նա­կան վեր­ջին նա­խա­յար­ձա­կու­մին, ո­րուն պատ­ճա­ռով ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը դի­մագ­րա­ւեց նո­րա­նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ:

­Շո­ւէ­տի Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան կա­ռոյ­ցի եւ ­Շո­ւէ­տի ­Հայ­կա­կան Ըն­կե­րակ­ցա­կան ­Միու­թեան հա­մադ­րող մար­մի­նի (Armeniska riksfՓrbundet i Sverige) միա­ցեալ հա­մա­գոր­ծակ­ցա­կան ցոյ­ցը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Շո­ւէ­տի հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նը գրա­ւող Mynttorget հրա­պա­րա­կին վրայ։ Այս մա­սին ­Շո­ւէ­տէն «Ե­ռա­գոյն»ին յայտ­նած է ­Սար­գիս ­Տէ­գիր­մէն­ճեան։

Ցոյ­ցի նպա­տակն էր նե­ցուկ կանգ­նիլ Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման եւ յար­գել տալ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սե­փա­կան ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի սկզբուն­քը:

­Ցոյ­ցին ներ­կայ ե­ղած ու մաս­նակ­ցած են նաեւ մէկ տաս­նեակ ա­սո­րի­ներ։ Հ.Յ.Դ. ­Շո­ւէ­տի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան «­Գա­րե­գին Նժ­դեհ» եւ «­Նի­կոլ ­Դու­ման» խում­բե­րը ի­րենց գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած են ցոյ­ցին՝ հան­դէս գա­լով պա­հան­ջա­տի­րա­կան կո­չե­րով, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի դրօշ­նե­րով: