Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԸստ իս­րա­յէ­լեան «Haaretz» թեր­թին՝ ­Հա­յաս­տան բո­ղոք ներ­կա­յա­ցու­ցած է Իս­րա­յէ­լի, որ Ատր­պէյ­ճա­նին զէնք կը վա­ճա­ռէ: ­Թեր­թին հր­պա­րակ­ման հա­մա­ձայն՝ ­Հա­յաս­տան այդ բո­ղո­քը կա­տա­րած է այն ա­տեն, երբ ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի վրայ յար­

ձակ­ման ժա­մա­նակ՝ իս­րա­յէ­լեան ար­տադ­րու­թեան ա­նօ­դա­չու անձ­նաս­պա­նա­կան սարք գոր­ծա­ծած է:

«Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար մը յայ­տա­րա­րեց, որ հայ­կա­կան կող­մը բո­ղոք ներ­կա­յա­ցու­ցած է Իս­րա­յէ­լի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին զէն­քի մա­տա­կա­րա­րում­նե­րուն ա­ռի­թով, զէն­քեր՝ ո­րոնք գոր­ծա­ծո­ւած են հայ­կա­կան բա­նա­կին դէմ»,- կը գրէ իս­րա­յէ­լեան թեր­թը:

Իս­րա­յէլ ա­նօ­դա­չու նոր սար­քեր ալ պի­տի մա­տա­կա­րա­րէ Ատր­պէյ­ճա­նին բայց ո՛չ այդ զէն­քե­րուն գոր­ծած ա­հա­ւոր ա­ւեր­նե­րը եւ ոչ ալ հայ­կա­կան կող­մին բո­ղո­քը ո­րե­ւէ բան փո­խած ըլ­լալ կը թուին Իս­րա­յէ­լի կե­ցո­ւած­քին մէջ, քա­նի ըստ ծայ­րա­յեղ-ձա­խա­կող­մեան «­Մե­րէց» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գա­հու­հիի ­Զե­հա­ւա ­Կա­լո­նի՝ Իս­րա­յէլ կը պատ­րաս­տո­ւի յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն այդ տի­պի նոր սար­քեր եւս ղրկե­լու Ատր­պէյ­ճա­նին:

­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րին յղած իր նա­մա­կին մէջ՝ ­Կա­լոն պա­հան­ջած է դադ­րեց­նել զէն­քի մա­տա­կա­րա­րու­մը, մին­չեւ որ Ատր­պէյ­ճան յանձ­նա­ռու ըլ­լայ այդ բա­ցա­ռե­լու այդ զէն­քե­րուն գոր­ծա­ծու­թիւ­նը հա­յոց դէմ:

­Ռազ­մա­գէտ մը կը պնդէ, թէ Իս­րա­յէլ հրթիռ­ներ վա­ճա­ռեց Ատր­պէյ­ճա­նին յար­ձա­կում­նե­րու ճիշդ նա­խօ­րեա­կին ­Միւս կող­մէ՝ իս­րա­յէ­լա­ցի փոր­ձա­գէտ Ա­լեք­սան­տէր ­Միւ­րին­սոն պնդած է, թէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կում­նե­րէն հա­զիւ օր մը ա­ռաջ՝ ­Մարտ 31ին, Իս­րա­յէլ նոր զի­նե­ղէն վա­ճա­ռած է Ատր­պէյ­ճա­նի: