Ուրբաթ՝ Ապրիլ 8ին, անսալով Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կոչին՝ աւելի քան 3500 ցուցարարներ հաւաքուեցան Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ, դատապարտելու համար ատրպէյճանական վերջին ռազմական յարձա
կումներն ու բռնարարքները, որոնց թիրախ դարձան ոչ միայն զինուորական դիրքեր, այլ նաեւ քաղաքային դիրքեր եւ քաղաքացիներ։
Ցուցարարները, որոնք նախ հաւաքուած էին մայթերուն վրայ, պահու մը ինքնափուխ կերպով քալեցին դէպի փողոցին մէջտեղը՝ ինքնաշարժներու երթեւեկութեան առջեւ ճամբան փակելով։
Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը, որ անակնկալի եկաւ ցուցարարներու այդ քայլէն, գիտակցելով ցոյցին արդարացիութեան՝ ցոյցը կազմակերպողներուն հետ համագործակցեցաւ, երաշխաւորելով ցուցարարներուն ապահովութիւնը։
Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին «Ո՛չ մէկ ոտնաչափ (inch)» պոռացող ցուցարարները յստակ պատգամ մը փոխանցեցին Պաքուի իշխանութեանց, թէ հայութիւնը տեղի պիտի չտայ ատրպէյճանական ռազմական յարձակումներուն եւ բռնարարքներուն դիմաց։
Յստակ էր նաեւ այն պատգամը, թէ հայութիւնը միակամ դէմ պիտի դնէ, երբ իր հատուածներէն մէկը կամ միւսը վտանգուած ըլլայ։
Ցոյցին սկիզբը, Հ.Ե.Դ.ի անդամ Վերժինի Թուլումեան խնդրեց ներկաներէն վայրկեան մը լռութեամբ յարգել վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին զոհուածներուն յիշատակը, ապա՝ կարդաց զոհուած հայ զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն, ներառեալ՝ 12ամեայ պատանիին անունները։
Հ.Ե.Դ.ի Կրտսերներէն Արենի Համբարեան, հայերէնով ունեցած իր ելոյթին մէջ, շեշտեց, թէ հայութիւնը պիտի շարունակէ արդարութիւն հաստատելու իր պայքարը այնքա՛ն ատեն, որ Արցախի ապահովութիւնը ամբողջովին երաշխաւորուած չէ եւ երկիրը վտանգներ կը դիմագրաւէ։