Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՖ­րան­սա­յի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ ­Վա­լե­րի ­Պուա­յէ «վա­լէօր­զաք­թի­ւէլ» կայ­քին վրայ լոյս տե­սած իր յօ­դո­ւա­ծին մէջ՝ խօ­սե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի դէմ կա­տա­րո­ւած յար­ձակ­ման մա­սին, կը նշէ, որ այդ «ան-բա­նա­կան» յար­ձա­կու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է Ատր­պէյ­

ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ, ­Միացեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Ճոն ­Քեր­րիին տո­ւած «բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թեան կեղծ ե­րաշ­խիք­նե­րէն ետք»:

Ան հարց տա­լէ ետք, թէ նաւ­թա­տո­լար­ներ ու­նե­ցող Ատր­պէյ­ճա­նը ինչ­պէ՞ս չկրցաւ յաղ­թել «փոք­րիկ ­Ղա­րա­բա­ղին»՝ կը պա­տաս­խա­նէ.- Ո­րով­հե­տեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ կռիւ մղե­լը Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ոչ ո­քի կը հե­տաքրք­րէ, բա­ցի իշ­խա­նու­թեան վրայ գտնո­ւող քլա­նէն:

Ան կը նշէ, որ բռնա­տէր­նե­րը միայն ու­ժէ կը հասկնան, բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թիւ­նը կը նկա­տեն տկա­րու­թիւն, իսկ Իլ­համ Ա­լիեւ բա­ցա­ռու­թիւն մը չէ: «­Մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը կը կար­ծէր յե­տաձ­գած ըլ­լալ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի քա­ղա­քա­կան կար­գա­վի­ճա­կին հար­ցը` նա­խընտ­րե­լով բա­նակ­ցու­թիւն­ներն ու խա­ղա­ղու­թեան հաս­տա­տու­մը:

Փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, որ ա­տի­կա ա­պար­դիւն է եւ կրնայ միայն քա­ջա­լե­րել ­Պա­քո­ւի ղե­կա­վա­րին ռազ­մա­տենչ ձգտում­նե­րը: ­Պէտք է վերջ­նա­կա­նա­պէս վերջ տալ այս կա­ցու­թեան: Այ­սու­հե­տեւ պէտք է ճանչ­նալ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը»,- կը գրէ ­Վա­լե­րի ­Պո­ւա­յէ: