Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԱ­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ այ­ցե­լու­թեան նա­խօ­րեա­կին, 54 քոնկ­րէ­սա­կան­ներ կոչ ը­րած են նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի, որ քոնկ­րէ­սա­կան­ներ Ռոյ­սի եւ Շըր­մը­նի կող­մէ Ար­ցա­խի

մէջ զի­նա­դա­դա­րը պահ­պա­նե­լու նպա­տա­կով ներ­կա­յա­ցո­ւած ա­ռա­ջարկ­նե­րը գոր­ծադ­րե­լու հա­մար ճնշում բա­նեց­նէ Ա­լիե­ւի վրայ։

Ն­շենք, որ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեանց յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Էտ Ռոյս եւ նոյն յանձ­նա­խում­բի ան­դամ Պ­րետ Շըր­մըն, քա­նի մը շա­բաթ ա­ռաջ, նա­մա­կով մը կոչ ը­րած էին Օ­պա­մա­յին, որ Ա­լիե­ւի հետ իր հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին պա­հան­ջէ Պա­քո­ւէն, որ վերջ տայ Ար­ցա­խի մէջ խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու մի­տող Ռոյ­սի եւ քոնկ­րէ­սա­կան Է­լիըթ Էն­կը­լի ա­ռա­ջարկ­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան իր խո­չըն­դո­տու­մին: Ռոյ­սի եւ Շըր­մը­նի նա­մա­կին մէջ դար­ձեալ կը յի­շո­ւին Ռոյ­սի եւ Էն­կը­լի կող­մէ ան­ցեալ տա­րի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան յղո­ւած նա­մա­կին պայ­ման­նե­րը, ո­րոնց նպա­տակն էր հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նի շփման գի­ծին վրայ զի­նա­դա­դա­րի պահ­պան­ման ա­պա­հո­վու­մը:

Ռոյս եւ Շըր­մըն եւս լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռած են այդ ա­ռա­ջարկ­նե­րը՝ ո­րոշ յա­ւե­լում­նե­րով: Նոր ա­ռա­ջարկ­ներն են՝

- Ար­ձա­կա­զէն­նե­րու եւ ծանր զէն­քե­րու հե­ռա­ցու­մը շփման գի­ծէն, միա­ժա­մա­նակ՝ յա­ւե­լեալ զէն­քեր չտե­ղադ­րել.

- Ե.Ա.Հ.Կ.ի հսկո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող եւ յար­ձա­կում­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուն բա­ցա­յայ­տե­լու նպաս­տող սար­քե­րու տե­ղադ­րում.

- Ե.Ա.Հ.Կ.ի յա­ւե­լեալ դէ­տե­րու հաս­տա­տում սահ­մա­նին վրայ՝ զի­նա­դա­դա­րի պայ­ման­նե­րու գոր­ծադ­րու­թիւ­նը լա­ւա­պէս հսկե­լու նպա­տա­կով։ Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ ար­դէն իսկ հա­մա­ձայ­նու­թիւն յայտ­նած են այս պայ­ման­նե­րուն։ Ա­մե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը այս նպա­տա­կով քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րուն նա­մակ գրե­լու ար­շա­ւի մը նա­խա­ձեռ­նած էր եւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած Ռոյ­սի, Շըր­մը­նի եւ շարք մը այլ քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու ու ա­նոնց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։