Ուրբաթ՝ 18 Մարտին, «Ազդակ»ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցած է հարցազրոյց՝ Պոխումի համալսարանի «Սփիւռք-ցեղասպանութիւն» Գիտահետազօտական Կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Միհրան Տապպաղի հետ: Հարցազրոյցը վարած է «Ազդակեի մի
ջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Ներկայացնելով իր ղեկավարած կեդրոնը` փրոֆ. Տապպաղ ըսած է, որ Պոխումի համալսարանի Սփիւռք-ցեղասպանութիւնե Գիտահետազօտական Կեդրոնը մաս կը կազմէ համալսարանի պատմագիտութեան կաճառին, որուն ուսանողները իրաւունք ունին հետեւելու հիմնարկի ծրագիրին:
Ան նշած է, որ իւրաքանչիւր կիսամեակ 150էն 200 ուսանողներ, ներառեալ` նկատառելի թիւով քիւրտ եւ թուրք ուսանողներ, կը լսեն Գերմանիոյ միակ ցեղասպանագիտական հիմնարկին մէջ դասաւանդուող նիւթերը: Խօսելով 1948ին որդեգրուած «ցեղասպանութիւն» եզրի սահմանումին մասին` փրոֆ. Տապպաղ յայտնած է, որ նկատի ունենալով, թէ ատիկա քաղաքական փոխզիջումի մը արդիւնք էր, այդ սահմանումը ունի որոշ թերութիւններ, որոնք չեն համապատասխաներ իր ղեկավարած հիմնարկի մօտեցումին` նշելով, որ ինք կը նախընտրէ յստակ կերպով զատորոշել ցեղային մաքրազտումը (ethnic cleansing) եւ ցեղասպանութիւնը (genocide):
Անդրադառնալով անցեալ տարի Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ կատարուած քննարկումներուն` փրոֆ. Տապպաղ ըսած է, որ նախապէս գոյութիւն ունեցող վերապահութիւնը Գերմանիոյ մէջ ապրող թուրքերուն թիւը չէր, այլ` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները: Ան ընդգծած է, որ Գերմանիոյ քիւրտերը վերջին շրջանին սկսած են մեծապէս հետաքրքրուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով եւ կ՛ուզեն իրենց կազմակերպած ձեռնարկներուն ու դասախօսութիւններուն ընթացքին այդ հարցին արծարծումը ապահովել:
Պատասխանելով Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կարեւորագոյն հարցին մասին հարցումի մը` փրոֆ. Տապպաղ նշած է, որ կարեւորագոյն հարցը հայ գիտնականին որբ վիճակն է. ան իբրեւ հայ՝ խանգարիչ գործօն կը նկատուի քաղաքական հարցերու մէջ, իսկ հայկական հաստատութիւնները կը նախընտրեն, որ օտարը դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսողը: