Ռուսիա երկար տարիներ եղած է Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի գործունէութեան կառուցողական մասնակիցներէն մէկը ու չի փափաքիր, որ իրեն դէմ ուղղուի Ատրպէյճանի նախագահին յանդիմանութիւնը. Մարտ 25ին այսպէս արտայայտուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նա
խարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Մէկ կողմէ պէտք է ատրպէյճանական կողմը յստակացնէ, թէ յատկապէս ո՛ր համանախագահին դէմ ուղղուած է յանդիմանութիւնը:
Միւս կողմէ՝ մենք չենք կրնար ենթադրել, որ այդ յանդիմանութիւնը մեզի կը վերաբերի, քանի որ տարիներ շարունակ մենք զմեզ դրսեւորած ենք իբրեւ բանակցային գործընթացի կառուցողական մասնակից»,- ըսած է Զախարովա:
Ան աւելցուցած է, թէ Մոսկուա հաւասարապէս ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերուն հետ կ՛ուզէ լուծել այս բարդ իրավիճակը, որ տարիներ շարունակ երկկողմ յարաբերութեանց դիմաց կանգնած մեծագոյն խնդիրն է: «Մենք շատ կը փափաքին այս խնդիրը վերջապէս լուծել միջազգային իրաւունքի, իրաւահաւասարութեան ու փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներու հիման վրայ»,- եզրակացուցած է ան:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ելոյթ ունենալով Նովրուզի տօնին առթիւ՝ յայտնած էր, որ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն կարգ մը գործողութիւնները «սադրիչ բնոյթ ունին»: Մասնաւորապէս մեկնաբանելով Եւրոխորհուրդին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ատրպէյճանամէտ բանաձեւին ձախողութիւնը՝ Ալիեւ նշած է, որ Մինսքի Խմբակի համանախագահները իրենց ապակառուցողական գործունէութեամբ կը նպաստեն հակամարտութեան սառեցման՝ գերազանցելով իրենց լիազօրութիւնները եւ միջամտելով միջազգային կազմակերպութիւններու աշխատանքին: