Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՄե­ծի Տան Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը, որ 2015ի Ապ­րի­լին Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձի պա­հան­ջով դի­մած էր Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րան, հայ­ցի քննու­թեան պա­հան­ջով նոր դի­մում մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է:

 Դի­մու­մով թրքա­կան բարձ­րա­գոյն դա­տա­րա­նէն կը խնդրո­ւի Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան հայ­ցը դի­տար­կել ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու շար­քին, քա­նի որ 10 ա­միս ա­ռաջ ներ­կա­յա­ցո­ւած հայ­ցը տա­կա­ւին քննու­թեան չէ առ­նո­ւած: Ըստ թրքա­կան «Haberturk» թեր­թի կայ­քին` 2րդ դի­մու­մը ներ­կա­յա­ցո­ւած է 2 շա­բաթ ա­ռաջ, Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան փաս­տա­բան Ճեմ Սո­ֆո­ւօղ­լո­ւի կող­մէ:

Փաս­տա­բան Սո­ֆո­ւօղ­լու ը­սած է, որ այս հայ­ցը մի­տո­ւած է գոյ­քի վե­րա­դար­ձին եւ ան­ցեա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը քննար­կե­լու նպա­տակ չու­նի:
«Ե­թէ յաղ­թենք, պի­տի դի­մենք ա­ռա­ջին ա­տեա­նի դա­տա­րան, որ­պէս­զի ի կա­տար ա­ծո­ւի Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տա­րա­նի ո­րո­շու­մը: Իսկ մեր հայ­ցի մերժ­ման պա­րա­գա­յին պի­տի դի­մենք Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րան»,- ը­սած է Սո­ֆո­ւօղ­լու:

Վեր­ջինս փո­խան­ցած է նաեւ Մե­ծի Տան Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կոս Ա­րամ Ա.ի ու­ղեր­ձը, ուր մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սո­ւած է.- «Այս թե­մա­յով Թուր­քիոյ հետ սա­կար­կու­թիւն պի­տի չը­նենք: Չենք ըն­դու­նիր ո՛չ վե­րա­կանգ­նե­լու, ո՛չ մե­զի այ­ցե­լու­թիւն­ներ տրա­մադ­րե­լու եւ ոչ ալ հա­տուց­ման մէկ այլ տար­բե­րակ: Միայն կը ցան­կանք, որ ետ վե­րա­դար­ձո­ւին այն գոյ­քե­րը, ո­րոնք ա­ւե­լի քան 800 տա­րի մե­զի պատ­կա­նած են: Ե­թէ Թուր­քիան կը ցան­կայ մտեր­մա­նալ հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ, ա­պա ա­սի­կա ա­մե­նա­յար­մար պահն է»: