Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՌու­սաս­տա­նի ­Դաշ­նու­թեան (Ռ.Դ.) Իր­կուտսկ քա­ղա­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է «Իր­կուտս­կի լա­ւա­գոյն ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին կենտ­րոն-2015» ա­մե­նա­մեայ մրցոյ­թը, ո­րուն յաղ­թա­կան ճա­նաչ­ցո­ւած է Իր­կուտս­կի հայ հա­մայն­քը: Այս

մա­սին «­Հա­յերն Այ­սօր»ին տե­ղե­կա­ցու­ցած է Իր­կուտս­կի ­Հայ­կա­կան Մ­շա­կու­թա­յին ­Կենտ­րո­նի նա­խա­գահ ­Սա­մո­ւէլ Ոս­կա­նեան:

«Ան­կեղծ ա­սած՝ յաղ­թա­նա­կը սպա­սե­լի էր, քա­նի որ 2015 թո­ւա­կա­նի ըն­թաց­քում հա­մայն­քը բուռն գոր­ծու­նէու­թիւն է ծա­ւա­լել, բա­րե­գոր­ծա­կան տար­բեր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րի մաս­նակ­ցել: ­Բարձր մա­կար­դա­կով ենք կազ­մա­կեր­պել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը:

­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րին նո­ւի­րո­ւած յու­շա­կո­թող ենք բա­ցել: ­Փաս­տօ­րէն, մեր կա­տա­րած աշ­խա­տան­քե­րը չվրի­պե­ցին Իր­կուտս­կի պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րի ու­շադ­րու­թիւ­նից»,- ը­սած է Ս. Ոս­կա­նեան: Մր­ցոյ­թի ար­դիւնք­նե­րը ամ­փո­փած է 11 հո­գիէ բաղ­կա­ցած ժիւ­րին (դա­տա­կազ­մը), ո­րու կազ­մին մէջ ընդգր­կո­ւած ե­ղած են պատ­գա­մա­ւոր­ներ եւ պե­տա­կան այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ:

Իբ­րեւ խրա­խու­սա­կան մրցա­նակ՝ հա­մայն­քը դրա­մա­կան պար­գեւ եւ պա­տո­ւո­գիր ստա­ցած է: ­Պար­գե­ւի ամ­բողջ գու­մա­րը ծախ­սո­ւած է ե­րե­խա­նե­րու հա­մար Ա­մա­նո­րեայ ձեռ­նարկ կազ­մա­կեր­պե­լու եւ նո­ւէր­ներ գնե­լու ու բաշ­խե­լու վրայ: