Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԱ.Մ.Ն. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ի­րա­ւա­կան հար­ցե­րով տնօ­րէն ­Րաֆ­ֆի ­Գա­րա­գա­շեան Ա.Մ.Ն. ­Քոնկ­րէ­սի ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցե­րու Խմ­բա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ շարք մը այլ քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու եւ ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած է, 2017ին Ա.Մ.Ն.ի կող­մէ

տրա­մադ­րո­ւող ար­տա­քին օգ­նու­թեան ծի­րին մէջ, ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը:

Քն­նարկ­ման ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցո­ւած են 7 հիմ­նա­կան ա­ռա­ջարկ: Կ­՝ա­ռա­ջար­կո­ւի մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման հա­մար Ա.Մ.Ն.ի կող­մէն յատ­կա­ցո­ւող գու­մար­նե­րէն 5 մի­լիոն տո­լար տրա­մադ­րել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղին՝ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ պա­րո­նու­հի ­Քոք­սի ա­նո­ւան ­Վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան ­Կեդ­րո­նի զար­գաց­ման հա­մար:

Կ­՝ա­ռա­ջար­կո­ւի նաեւ լիո­վին կա­սեց­նել ­Պա­քո­ւին տրա­մադ­րո­ւող ցան­կա­ցած ռազ­մա­կան օգ­նու­թիւն մին­չեւ Ատր­պէյ­ճա­նը ա­ռաջ­նա­գի­ծէն ետ քա­շէ դի­պու­կա­հար­նե­րը եւ ծանր ռազ­մա­սար­քե­րը եւ, ի վեր­ջոյ, մին­չեւ որ ի­րա­կա­նաց­նէ Էն­կել-­Ռոյս բա­նա­ձե­ւին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած քայ­լե­րը: Եր­րորդ ա­ռա­ջարկն է 40 մի­լիոն տո­լար տնտե­սա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րել ­Հա­յաս­տա­նին, մաս­նա­ւո­րա­պէս նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րու­մա­յին ո­լորտ­նե­րու զար­գաց­ման:

­Բա­ցի այդ, կ­՝ա­ռա­ջար­կո­ւի տրա­մադ­րել յա­ւե­լեալ 10 մի­լիոն տո­լար ­Հա­յաս­տա­նի մէջ սուր­իա­հա­յե­րու խնդիր­նե­րու լուծ­ման նպա­տա­կով: Ա­ռա­ջարկ­նե­րէն մէկն ալ կ­՝առն­չո­ւի Վ­րաս­տա­նին տրա­մադ­րո­ւող օ­ժան­դա­կու­թեան, մաս­նա­ւո­րա­պէս կը նշո­ւի ­Սամց­խէ ­Ջա­ւախ­քի մէջ աշ­խա­տա­տե­ղե­րու ստեղծ­ման նպա­տա­կով այդ օգ­նու­թեան 10 տո­կո­սի տրա­մադր­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

Վեր­ջին եր­կու ա­ռա­ջարկ­ներն ալ հե­տե­ւեալն են` խստաց­նել 1992ի Ա­զա­տու­թեան Ա­ջակց­ման Ակ­տի (­Քայ­լի) 907 մա­սը, որ կ­՝առն­չո­ւի Ա.Մ.Ն.ի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին տրա­մադ­րո­ւող օգ­նու­թեան ար­գել­քին եւ, ի վեր­ջոյ, վերջ դնել Լ.Ղ. հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մե­կու­սաց­ման: