Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

alt34 ան­ձեր զո­հո­ւե­ցան եւ հարիւրաւոր ու­րիշ­ներ վի­րա­ւո­րո­ւե­ցան, երբ Պ­րիւք­սէ­լի մի­ջազ­գա­յին օ­դա­կա­յանն ու քա­ղա­քի փա­պու­ղիի

մէկ կեդ­րո­նը ա­կա­նա­հա­րում­նե­րու թի­րախ դար­ձան: Եր­կու ա­կա­նա­հա­րում­ներ ցնցե­ցին օ­դա­կա­յա­նը, իսկ մէկ ժամ ետք եր­րորդ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ փա­պու­ղիի ­Մալ­պիք կա­յա­րա­նին մէջ, որ կը գտնո­ւի Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիին մօտ: ­Կեդ­րո­նա­տե­ղին գտնո­ւող­նե­րը հե­ռա­ցո­ւե­ցան շրջա­նէն:

­Պել­ճի­քա­ցի դա­տա­խազ մը հա­ւա­նա­կան նկա­տեց, որ օ­դա­կա­յա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած պայ­թում­նե­րէն մէ­կը ըլ­լայ անձ­նաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն մը: ­Հե­տա­գա­յին հա­ղորդո­ւե­ցաւ, որ 3 ա­կա­նա­հա­րում­ներն ալ անձ­նաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ են: Օ­դա­կա­յա­նը փա­կո­ւե­ցաւ: ­Փա­կո­ւե­ցան նաեւ Ֆ­րան­սա-­Պել­ճի­քա սահ­մանն ու ­Փա­րի­զի փա­պու­ղին: Ֆ­րան­սա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ար­տա­կարգ ժո­ղով մը գու­մա­րեց: ­Հոլ­լան­տա ամ­րապն­դեց օ­դա­կա­յան­նե­րուն եւ սահ­ման­նե­րուն վրայ ա­պա­հո­վա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը: Ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին ա­պա­հո­վա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը ամ­րապն­դո­ւե­ցան:

­Պել­ճի­քա­յի վար­չա­պետ ­Շարլ ­Մի­շել յար­ձա­կում­նե­րը կո­չեց «կոյր, բիրտ եւ վախ­կոտ»: Երկ­րին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ե­ռօ­րեայ սուգ յայ­տա­րա­րե­ցին:

­Յար­ձա­կում­նե­րը նաեւ ար­ժա­նա­ցան մի­ջազ­գա­յին լայն դա­տա­պար­տու­մի: ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Պա­րաք Օ­պա­մա պայ­թում­նե­րը կո­չեց «ան­մեղ մար­դոց դէմ մեր­ժե­լի յար­ձա­կում»: Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան 28 ղե­կա­վար­նե­րը միա­ցեալ յայ­տա­րա­րու­թեան մը մէջ ը­սին, որ ա­կա­նա­հա­րում­նե­րը «մեր ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բաց ըն­կե­րու­թեան դէմ յար­ձա­կում» են: Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա ­Հոլ­լանտ յայտ­նեց. «Ա­հա­բե­կիչ­նե­րը հա­րո­ւա­ծե­ցին ­Պել­ճի­քան, սա­կայն թի­րա­խը Եւ­րո­պան էր»: ­Ռու­սիոյ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թին յար­ձա­կում­նե­րը կո­չեց «բար­բա­րոս»:

­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի ցա­ւակ­ցա­կան հե­ռա­գի­րը

«Այս ծանր պա­հին իմ ցա­ւակ­ցու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւնն եմ յայտ­նում ձեզ, բա­րե­կամ ­Բել­գիա­յի ժո­ղովր­դին եւ զոհուած­նե­րի հա­րա­զատ­նե­րին՝ մաղ­թե­լով ո­գու ա­րիու­թիւն եւ համ­բե­րու­թիւն։ ­Հա­յաս­տա­նը խստօ­րէն դա­տա­պար­տում է ա­հա­բեկ­չու­թեան ցան­կա­ցած դրսե­ւո­րում եւ յանձ­նա­ռու է այդ չա­րի­քի դէմ մի­ջազ­գա­յին պայ­քա­րին իր ներդ­րու­մը բե­րե­լու հար­ցում»: