Կլենտէյլը դարձած է Ա.Մ.Ն. առաջին քաղաքը, ուր բոլոր դպրոցները Ապրիլ 24ին փակ պիտի մնան` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:
Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի յանձնախումբին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Կլենտէյլի համայնքային դպրոցական խորհուրդը որոշում կայացուցած է Ապրիլ 24ը հռչակելու «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակութեան օր»:
«Ասիկա մեծ օր է Հայ Դատի եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը պայքարին արդարութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին համար»,- ըսուած է յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ: