Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՈւր­բաթ՝ 11 ­Մար­տին, հա­կա­հայ­կա­կան ցոյց տե­ղի ու­նե­ցած է Ս­թոք­հոլ­մի` ­Շո­ւէ­տի խորհր­դա­րա­նին կից տա­րած­քի մը մէջ, ո­րուն նպա­տակն էր ժխտել 2010ին ­Շո­ւէ­տի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ըն­դու­նո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւը:

«Եր­կիր»ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, ­Շուէ­տի մէջ Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ ­Սար­գիս ­Տե­կիր­մեն­ճեան յայտ­նեց, որ թրքա­կան ցոյ­ցին հա­կա­դար­ձե­լու հա­մար նոյն վայ­րին մէջ ցոյց կազ­մա­կեր­պած են ­Շո­ւէ­տի Հ.Յ.Դ. կազ­մը, Շ.Ե.Մ.ի (­Շուէ­տի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւնն ու ­Շո­ւէ­տի ­Հայ­կա­կան Ըն­կե­րակ­ցա­կան ­Միու­թեան մար­մի­նը` շո­ւէ­տա­կան խորհր­դա­րա­նի ող­ջու­նե­լի ո­րո­շու­մին նե­ցուկ կանգ­նե­լու նպա­տա­կով:

­Տե­կիր­մեն­ճեան նշեց, որ Հ.Յ.Դ. ան­դամ­նե­րը եւ Շ.Ե.Մ.ի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ի­րենց մնա­յուն եւ խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թեամբ պատ­նէշ դրած են թրքա­կան մո­լե­ռանդ պա­հո­ւած­քին առ­ջեւ: Ա­նոր խօս­քով` ցոյ­ցի ըն­թաց­քին հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կող­քին ե­ղած են նաեւ տաս­նեակ մը ա­սո­րի եւ քիւրտ ցու­ցա­րար­ներ: