Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

alt«­Նոր ­Յա­ռաջ» կը հա­ղոր­դէ, որ Ֆ­րան­սա­հայ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ­Հա­մա­կար­գող ­Խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ­ներ Ա­րա ­Թո­րա­

նեան եւ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան Եր­կու­շաբ­թի՝ 7 ­Մար­տին ըն­դու­նո­ւած են ­Նախ­կին ռազ­միկ­նե­րու հար­ցե­րու պե­տա­կան քար­տու­ղար ­Ժան-­Մարք ­Թո­տես­քի­նիի կող­մէ: Ֆ­րան­սա­հայ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ­Հա­մա­կար­գող ­Խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը դա­տա­պար­տած են Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ի գործ դրո­ւած հա­կա­հայ քա­րոզ­չա­կան ար­շա­ւը, ինչ­պէս` 26 ­Փետ­րո­ւա­րին ­Փա­րի­զի ­Յաղ­թա­նա­կի ­Կա­մա­րին տակ տե­ղի ու­նե­ցած բո­ցի ար­ծարծ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ կազ­մա­կեր­պո­ւած է՝ ըն­դա­ռա­ջե­լով Ատրպէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան դի­մու­մին:

­Պա­քո­ւի քա­րո­զիչ­նե­րը այդ պա­հը վե­րա­ծած են ­Խո­ջա­լո­ւի զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած ա­րա­րո­ղու­թեան մը: ­Նախ­կին ռազ­միկ­նե­րու հար­ցե­րու պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը ցաւ յայտ­նած է ի տես ­Պա­քո­ւի կա­տա­րած չա­րա­շա­հու­մին` շեշ­տե­լով, որ ֆրան­սա­կան պե­տու­թիւ­նը բա­ցար­ձա­կա­պէս չ­՛ե­րաշ­խա­ւո­րեր նման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ: Ան ա­ւել­ցու­ցած է, որ ­Բո­ցի ար­ծարծ­ման յանձ­նա­խում­բը բո­լո­րո­վին ան­կախ մար­մին մըն է եւ եր­բեք չի դի­մեր Ֆ­րան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան, ­Յաղ­թա­նա­կի ­Կա­մա­րին տակ տե­ղի ու­նե­ցող ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին ո՛չ ա­նոր կար­ծի­քը առ­նե­լու, ո՛չ ալ զայն տե­ղեակ պա­հե­լու հա­մար:

Ա­րա ­Թո­րա­նեան եւ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան շեշ­տը դրած են ­Պա­քո­ւի նա­խա­ձեռ­նու­թեան ստա­յօդ բնոյ­թին վրայ, ո­րուն մի­ջո­ցով ա­նի­կա կը փոր­ձէ մո­լո­րեց­նել հան­րա­յին կար­ծի­քը` գոր­ծա­ծե­լով ֆրան­սա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը: Այս հան­դիպ­ման ար­դիւն­քէն ի յայտ կու գայ, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը փոր­ձած է քա­րոզ­չա­կան ձեռ­նարկ մը, որ յա­ջո­ղած է ֆրան­սա­կան ո­րոշ շրջա­նակ­նե­րու մօտ` ­Պա­քո­ւի լո­պիին տա­րած աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ:

Ֆ­րան­սա­հայ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ­Հա­մա­կար­գող ­Խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը հան­դի­պու­մէն դուրս ե­լած են ա­պա­հո­վո­ւած: ­Բո­ցի ար­ծարծ­ման յանձ­նա­խում­բը այ­սու­հե­տեւ զգօ­նու­թեան պի­տի հրա­ւի­րո­ւի ֆրան­սա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ:
­Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը 3 ­Մար­տին հե­տե­ւեալ նա­մա­կը ղրկած էին Ֆ­րան­սա­յի վար­չա­պետ ­Մա­նո­ւէլ ­Վալ­սին. «­Պա­րո՛ն վար­չա­պետ, Ֆ­րան­սա­հայ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ­Հա­մա­կար­գող ­Խոր­հուր­դը խոր ընդվ­զու­մով տե­ղե­կա­ցաւ, որ 26 ­Փետ­րո­ւա­րին ­Յաղ­թա­նա­կի ­Կա­մա­րին տակ` «­Խո­ջա­լո­ւի ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի ո­գե­կոչ­ման» ա­րա­րո­ղու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցած է` Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պան Էլ­չին Ա­միր­պա­յո­վի ներ­կա­յու­թեամբ:

«­Նոյն նպա­տա­կով՝ 25 ­Փետ­րո­ւա­րին ալ հա­մերգ մը տրո­ւած է Էն­վա­լի­տի ­Սեն-­Լո­ւի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, որ կա­խեալ է ­Բա­նակ­նե­րու թե­մէն: Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ծրագ­րո­ւած այս ձեռ­նարկ­նե­րը մաս կը կազ­մեն քա­րոզ­չու­թեան մը, որ կը մի­տի հա­յե­րը ցոյց տա­լու իբ­րեւ «ցե­ղաս­պան­ներ»ու, եւ ա­ւե­լին` ա­տի­կա կը կա­տա­րո­ւի Ֆ­րան­սա­յի կող­մէ ալ պաշ­տօ­նա­պէս ո­գե­կո­չո­ւած 1915ի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ճիշդ վա­ղոր­դայ­նին: Այն դէպ­քե­րը, ո­րոնց կ­՛ակ­նար­կեն այս ձեռ­նարկ­նե­րը, «ցե­ղաս­պա­նու­թեան» հետ ոչ մէկ կապ ու­նին: Ա­նոնք պա­տա­հած են ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, որ եր­կու կող­մե­րէն 30.000 զո­հեր խլեց:

Ան­մեղ հա­զա­րա­ւոր հայ քա­ղա­քա­ցի­ներ կո­տո­րո­ւե­ցան այդ տագ­նա­պի ըն­թաց­քին, թէ՛ պա­տե­րազ­մի հու­րին ներ­քեւ (Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ան­վերջ հրթի­ռա­կո­ծում, ա­պա նաեւ 10 ապ­րիլ 1992ին` ­Մա­րա­ղա­յի ջար­դե­րը), թէ՛ ալ ճա­կա­տէն հա­րիւ­րա­ւոր մղոն­ներ հե­ռու, հրա­դա­դա­րի պայ­ման­նե­րու մէջ. 28 ­Փետ­րո­ւար 1988ին եւ յա­ջոր­դող օ­րե­րուն` ­Սում­կա­յի­թի ջար­դը (հա­րիւ­րա­ւոր զո­հեր), 13էն 19 ­Յու­նո­ւար 1990ին ­Պա­քո­ւի ջար­դե­րը (շուրջ 400 զոհ), ­Նո­յեմ­բեր 1988ին ­Կի­րո­վա­պա­տի ջար­դը, որ պատ­ճա­ռեց ա­ւե­լի քան հա­րիւր զոհ եւ մեծ թի­ւով քա­ղա­քա­ցի­ներ ալ ան­հե­տա­ցան:

«Այս պա­տե­րազ­մին մա­սին ֆրան­սա­կան հան­րա­յին կար­ծի­քին ան­գի­տու­թիւ­նը շա­հա­գոր­ծե­լով` հա­յե­րը իբ­րեւ «ցե­ղաս­պան­ներ»ու ներ­կա­յաց­նե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի ըն­թաց­քը ինք­նին ա­նըն­դու­նե­լի է:
Իսկ Ֆ­րան­սա­յի պաշ­տօ­նա­կան վար­չա­կան շրջա­նակ­նե­րուն` ա­լիե­ւեան վար­չա­կար­գին լայ­նօ­րէն նպաս­տած քա­րոզ­չա­կան այդ գոր­ծո­ղու­թեանց մաս­նա­կից դառ­նա­լը բազ­մա­թիւ հար­ցա­կան­նե­րու տե­ղի կու տայ: ­Մա­նա­ւանդ, որ Ֆ­րան­սա տագ­նա­պի լու­ծու­մին կո­չո­ւած ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր ըլ­լա­լով՝ լա­ւա­տե­ղեակ է ան­ցու­դար­ձին:

­Հա­յոց դէմ ուղ­ղո­ւած զրպար­տա­կան այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կ­՛ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւին Ֆ­րան­սա­յի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կող­մէ, իս­կա­կան գրգռու­թիւն­ներ են, ո­րոնք խո­րա­պէս կը ցնցեն ծա­գու­մով հայ ֆրան­սա­ցի­նե­րը, ո­րոնք լաւ կը գի­տակ­ցին «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րին բուն կշի­ռին:
«Ա՛լ ա­ւե­լի կը դժո­ւա­րա­նանք հասկ­նա­լու այս խե­ղա­թիւ­րում­նե­րուն նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րո­ւած ակ­նե­րեւ հա­ճո­յա­կա­տա­րու­թիւ­նը, մինչ գի­տենք ձեր փա­րու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­տին, զոր հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը 28 ­Յու­նո­ւա­րին` Ֆ­րան­սա­հայ ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ­Հա­մա­կար­գող ­Խոր­հուր­դի ընթ­րի­քին բնու­թագ­րեց իբ­րեւ «ար­դա­րու­թեան դա­տը»:
«Ս­պա­սե­լով ձեր պա­տաս­խա­նին, պա­րո՛ն վար­չա­պետ, կը փո­խան­ցենք մեր բարձ­րա­գոյն յար­գանք­նե­րուն հա­ւաս­տի­քը:
­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան, Ա­րա ­Թո­րա­նեան»