Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան, ­Ժը­նե­ւի իր ի­ջե­ւա­նած պան­դո­կին մէջ, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ­Սու­րիոյ տագ­նա­պի լուծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մա­կար­գող Մ.Ա.Կ.ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի տե­ղա­կալ ­Նի­քո­լաս ­Մի­շե­լի եւ սու­րիա­կան տագ­նա­պի բա­նագ­ նաց Ս­թե­ֆան ­Տը ­Միս­թու­րա­յի փո­խա­նոր­դին հետ (­Տը ­Միս­թու­րա­յի քա­ղա­քէն բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով):

Ն­շենք, որ ­Սու­րիոյ տագ­նա­պին գծով ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ­Տը ­Միս­թու­րա­յի հետ հան­դի­պում մը ու­նե­ցած էր 20 ­Հոկ­տեմ­բեր 2015ին, Ա­թէն­քի մէջ: Ի­րենց ա­ռա­ջար­կով տե­ղի ու­նե­ցած այս աշ­խա­տան­քա­յին հան­դիպ­ման նպա­տակն էր ու­նե­նալ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին տե­սա­կէ­տը` տագ­նա­պի լուծ­ման ա­ռաջ­նոր­դող հո­լո­վոյ­թին մէջ քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան առն­չու­թեամբ:

­Շուրջ եր­կու ժամ տե­ւած խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին, լսե­լէ ետք Մ.Ա.Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ար­ժե­ւո­րու­մը ­Սու­րիոյ տագ­նա­պի ներ­կայ փու­լին, ինչ­պէս նաեւ ա­նոնց պատ­կե­րա­ցու­մը յա­ռա­ջի­կայ փու­լե­րուն վե­րա­բե­րեալ եւ ըն­դա­ռա­ջե­լով Մ.Ա.Կ.ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու փա­փա­քին, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ներ­կա­յա­ցուց իր տե­սա­կէ­տը` ընդ­հան­րա­պէս խա­ղա­ղու­թեան հո­լո­վոյ­թին եւ մաս­նա­ւո­րա­բար քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան շուրջ:

­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը նախ եւ ա­ռաջ շեշ­տեց, թէ խա­ղա­ղու­թեան հո­լո­վոյ­թին պէտք է մաս­նա­կից դառ­նան ­Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դը բաղ­կաց­նող բո­լոր հա­մայնք­նե­րը, բնա­կա­նա­բար նե­րա­ռեալ քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րը: Իբ­րեւ նոյն պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ ի­րա­ւունք­նե­րը ու­նե­ցող հա­մա­հա­ւա­սար քա­ղա­քա­ցի­ներ, քրիս­տո­նեա­նե­րը գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն պէտք է բե­րեն ­Սու­րիոյ քա­ղա­քա­կան կեան­քին,- յի­շե­ցուց Ա­րամ Ա.:

Ա­պա՝ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը կարգ մը գործ­նա­կան ա­ռա­ջարկ­ներ ներ­կա­յա­ցուց` յատ­կա­պէս ­Ժը­նե­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու յա­ռա­ջի­կայ փու­լին հա­մայն­քա­յին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թեամբ: ­Ներ­կա­նե­րը, հա­մա­ձայն գտնո­ւե­լով ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին, ա­ռա­ջար­կե­ցին, որ այս հար­ցին շուրջ ի­րեն հետ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կո­ւին` շու­տով սկսո­ւե­լիք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն լոյ­սին տակ: