Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԱւստ­րա­լիոյ ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Պա­լա­տին մէջ, ­Հիւ­սի­սա­յին ­Սիտ­նիի նո­րըն­տիր պատ­գա­մա­ւոր Թ­րենթ ­Զիմ­մեր­ման իր ա­ռա­ջին ե­լոյ­թով կոչ ուղ­ղած է ­Թուր­քիոյ՝ ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

 

 

­Պատ­գա­մա­ւո­րը ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Պա­լա­տին մէջ պի­տի փո­խա­րի­նէ հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով աւստ­րա­լիա­ցի գոր­ծիչ ­Ճօ ­Հո­քին, որ ներ­կա­յիս Աւստ­րա­լիոյ դես­պանն է Ա.Մ.Ն.ի մօտ եւ եր­կար ժա­մա­նակ ե­ղած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ջա­տա­գո­վը: ­Զիմ­մեր­ման իր ե­լոյ­թին մէջ ընդգ­ծած է, որ պատ­մա­կան սար­սա­փե­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը` 1915ին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ծրագ­րած եւ ի­րա­գոր­ծած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, պատ­ճառ դար­ձած են մի­լիո­նա­ւոր հա­յե­րու տա­ռա­պան­քի: «­Հա­յե­րը պատ­մա­կան մեծ ա­նար­դա­րու­թիւն տե­սած ժո­ղո­վուրդ են:

­նոնք այն քի­չե­րէն են, ո­րոնց նկատ­մամբ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ի­րա­գոր­ծո­ւած է, եւ այդ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու սար­սա­փե­լի կնի­քը այ­սօր կը կրէ ա­նոնց հա­մայն­քը: Ն­ման սար­սա­փե­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ա­մոք­ման լա­ւա­գոյն ե­ղա­նա­կը ա­նոնց ճա­նա­չումն է, քա­ւու­թիւ­նը եւ հաշ­տե­ցու­մը: ­Յոյ­սով եմ, որ օր մը ­Թուր­քիան, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը` ի դէմս Ա.Մ.Ն.ի, պի­տի ճանչ­նան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»,- ը­սած է նո­րըն­տիր պատ­գա­մա­ւո­րը:

Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր Ա­րին ­Մար­գա­րեան ող­ջու­նած է Թ­րենթ ­Զիմ­մեր­մա­նի քայ­լը` ընդգ­ծե­լով, որ ան կ­’ա­պա­ցու­ցէ, թէ ­Ճօ ­Հո­քիի գոր­ծին ի­րա­կան շա­րու­նա­կողն է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­ման ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ: ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը շնոր­հա­ւո­րած է ­Զիմ­մեր­մա­նը իր ա­ռա­ջին ե­լոյ­թին ա­ռի­թով` մաղ­թե­լով բեղմ­նա­ւոր աշ­խա­տանք` խորհր­դա­րա­նի մէջ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Սիտ­նիի եւ ողջ Աւստ­րա­լիոյ ընտ­րա­զան­գո­ւա­ծը ներ­կա­յաց­նե­լու գոր­ծին մէջ: