Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՓետ­րո­ւար 27էն ետք, ­Սու­րիոյ մէջ զի­նա­դա­դար հաս­տա­տո­ւե­լէն ի վեր, ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը նո­ւա­զած են, իսկ հրա­դա­դա­րի կար­գի ա­ռա­ջին օ­րե­րը յու­սադ­րող են: ­Կա­րե­լի է ը­սել` ­Սու­րիոյ մէջ յա­րա­բե­րա­կան խա­ղա­ղու­թիւն է:

 

«­Հա­լէ­պի հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ ­Փետ­րո­ւար 27էն ետք զի­նա­դա­դա­րի խախ­տում­ներ չեն նկա­տո­ւած, բնակ­չու­թիւ­նը հա­մե­մա­տա­բար խա­ղաղ վի­ճա­կի մէջ կը գտնո­ւի, յու­սանք եւ հա­ւա­տանք, որ մին­չեւ հար­ցի վերջ­նա­կան լու­ծու­մը այդ­պէս ալ կը շա­րու­նա­կո­ւի: ­Հա­լէ­պա­հա­յե­րը, չնա­յած կեն­ցա­ղա­յին, տնտե­սա­կան բա­զում խնդիր­նե­րուն, կը շա­րու­նա­կեն ան­կոտ­րում ո­գիով դի­մադ­րել ա­հա­բեկ­չու­թեան: Ար­դէն յոգ­նած են եւ ան­համ­բեր կը սպա­սեն, թէ ե՞րբ, ի վեր­ջոյ, պի­տի ազ­դա­րա­րո­ւի պա­տե­րազ­մի մօ­տա­լուտ ա­ւար­տը, որ­պէս­զի կա­րե­նան վե­րա­կանգ­նել ի­րենց վի­րա­ւոր քա­ղաքն ու խա­թա­րո­ւած ա­ռօ­րեան:

Բ­նու­թեան օ­րէնքն է. ա­մէն սկիզբ ու­նի իր ա­ւար­տը, եւ փո­թո­րի­կին կը յա­ջոր­դէ պայ­ծառ ե­ղա­նակ: ­Սա­կայն այս «փո­թո­րի­կէն» յե­տոյ դժո­ւար է կան­խազ­գալ` ար­դեօք ժո­ղո­վուր­դը ան­մի­ջա­պէս պայ­ծառ երկ­նա­կա­մար տա­նող օ­րեր կու­նե­նա՞յ, թէ՞ ոչ»,- «­Հա­յերն Այ­սօր»ի հետ հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ը­սաւ հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ­Բե­րիոյ թե­մի մա­մու­լի խօս­նակ ­Ժի­րայր ­Ռէի­սեան:

­Բե­րիոյ թե­մի մա­մու­լի խօս­նա­կը նաեւ ա­ւել­ցուց, որ չնա­յած զի­նա­դա­դա­րին` ­Հա­լէ­պը քա­նի մը շա­բա­թէ ի վեր զրկո­ւած է ջրա­մա­տա­կա­րա­րու­մէ, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թե­նէ եւ վա­ռե­լա­նիւ­թէ, իսկ քա­ղա­քի մուտքն ու ել­քը կրկին շրջա­փա­կո­ւած են: