Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՀ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Գ­րա­սե­նեա­կը կը հա­ղոր­դէ, որ 26էն 28 ­Փետրուար 2016ին, Ալ­պա­նիոյ մայ­րա­քա­ղաք ­Թի­րա­նա­յի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած է Ըն­կեր­վա­րա­կան Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Միու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­գու­մա­րը:

 Հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­գու­մա­րը կազ­մա­կեր­պու­թեան բարձրա­գոյն ժո­ղովն է, որ տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ եր­կու տա­րին մէկ ան­գամ եւ ուր շրջա­նա­ւարտ ղե­կա­վար մար­մի­նը կը ներ­կա­յաց­նէ եր­կու տա­րո­ւան իր նիւ­թա­բա­րո­յա­կան գոր­ծու­նէու­թեան զե­կու­ցու­մը, կը ճշդո­ւին կազ­մա­կեր­պու­թեան հե­տա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան ու­ղե­նիշ­նե­րը եւ կ­՛ընտ­րո­ւի ղե­կա­վար նոր մար­մին:

Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նը հա­մա­գու­մա­րին կը մաս­նակ­ցէր չորս հո­գի­նոց պա­տո­ւի­րա­կու­թեամբ` ­Սա­րի­նէ Աբ­րա­հա­մեանՀո­լան­տա), Ար­փի­նէ ­Մար­տի­րո­սեանՇո­ւէտ), ­Հայկ Ի­գի­թեանՀա­յաս­տան) եւ ­Կա­րա­պետ ­Շա­տո­յեան (Աւստ­րիա):

Ալ­պա­նիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­մա­գու­մա­րին, ժո­ղո­վա­կան­նե­րը նախ ունկնդ­րած են շրջա­նա­ւարտ մար­մի­նի գոր­ծու­նէու­թեան զե­կոյ­ցը, ա­պա՝ քննար­կած են գաղ­թա­կա­նու­թեան ճգնա­ժա­մի, հա­մաշ­խար­հա­յին խա­ղա­ղու­թեան, ըն­կեր­վա­րու­թեան եւ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր:

Ա­ւար­տին ընտ­րո­ւած են նոր ղե­կա­վար մար­մին եւ նա­խա­գա­հու­թիւն: Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նը ա­ռա­ջադ­րած էր փոխ-նա­խա­գա­հի թեկ­նա­ծու` Եւ­րո­պա­կան ­Կո­մի­տէի կազ­մին մէջ: Եր­կա­րա­տեւ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի իբ­րեւ ար­դիւնք՝ ­Կա­րա­պետ ­Շա­տո­յեան ընտ­րո­ւած է մի­ջազ­գա­յին ըն­կեր­վա­րա­կան այս մե­ծա­գոյն կազ­մա­կեր­պու­թեան հինգ եւ­րո­պա­կան փոխ-նա­խա­գահ­նե­րէն մէ­կը` ստանձ­նե­լով ­Սեւ-ծո­վեան շրջա­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը: ­Մի­ջազ­գա­յին այս հե­ղի­նա­կա­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ բարձր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ստանձ­նե­լը գոր­ծե­լու կա­րե­լիու­թեանց լա­ւա­գոյն ա­ռի­թը կը ստեղ­ծէ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի հա­մար` ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը լիար­ժէք ներ­կա­յաց­նե­լու մի­ջազ­գա­յին ե­րի­տա­սար­դա­կան հան­րու­թեան եւ վեր­ջին­նե­րուս ծա­նօ­թաց­նե­լու հայ ազ­գի ար­դա­րա­տենչ ձգտում­նե­րը:

­Միա­ժա­մա­նակ՝ ըլ­լա­լով ղե­կա­վար մար­մի­նի ան­դամ, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նը նաեւ ա­ռի­թը պի­տի ու­նե­նայ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ստանձ­նե­լու աշ­խար­հի եւ շրջա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թեան առն­չո­ւող հար­ցե­րու եւ պա­հանջ­նե­րու գծով:

­Յի­շեց­նենք, որ ­Մա­յիս 2015ին, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ըն­կեր­վա­րա­կան Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ­Մի­ջազ­գա­յին ­Միու­թեան ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը` աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան 50 եր­կիր­նե­րէ 160 ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ: