Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

alt26 ­Փետ­րո­ւար 2016ին, ­Սեր­պիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Թո­միս­լաւ ­Նի­քո­լիչ, ­Պելկ­րա­տի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ, ըն­դու­նած է հայ­կա­կան պատո­ւի­րա­կու­թիւն մը, բաղ­կա­ցած՝ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեա­նէ, ­Ռու­մա­նիոյ հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Տա­թեւ

  Եպս. ­Յա­կո­բեանՄու­րա­տեա­նէ, ­Սեր­պիոյ հայ­կա­կան հա­մայն­քի նա­խա­գահ ­Սա­մուէլ Այ­վա­զեա­նէ եւ կիպ­րա­ցի լրագ­րող, քա­ղա­քա­գէտ Եա­նոս ­Խա­րա­լամ­պի­տի­սէ, որ հե­ղի­նա­կած է Ար­ցա­խի մա­սին գիրք մը: ­Ներ­կայ ե­ղաց են նաեւ ­Սեր­պիոյ նա­խա­գա­հի խորհր­դա­կան, ար­տա­քին գոր­ծոց նախ­կին նա­խա­րար Ի­վան Մր­քիչ եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ:

­Մէկ ժամ տե­ւած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, Գ. ­Կա­րա­պե­տեան իր եւ ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րուն ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նած է ­Սեր­պիոյ նա­խա­գա­հին` ­Հա­յաս­տան կա­տա­րած իր զոյգ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն հա­մար, յատ­կա­պէս ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով տե­ղի ու­նե­ցած յի­շա­տակ­ման հան­դի­սու­թեանց մաս­նակ­ցե­լու ա­ռու­մով:

­Կա­րա­պե­տեան նաեւ յայտ­նած է իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը` ­Հա­յաս­տանՍեր­պիա երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու լուրջ բա­րե­լաւ­ման հա­մար, ­Նի­քո­լի­չի նա­խա­գա­հու­թեան ըն­թաց­քին։ Ան նաեւ յայտ­նած է Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ ա­մէն կեր­պով օ­ժան­դա­կե­լու եւ ա­ւե­լիով խո­րաց­նե­լու եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Գ. ­Կա­րա­պե­տեան նաեւ անդ­րա­դար­ձած է ­Սեր­պիոյ հայ հա­մայն­քի վի­ճա­կին` խնդրե­լով, որ պե­տու­թեան կող­մէ հայ­կա­կան հա­մայն­քին հո­ղա­մաս մը տրա­մադ­րո­ւի, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ կա­ռու­ցել ե­կե­ղե­ցի, դպրոց եւ հա­ւա­քա­տե­ղի: Խնդ­րան­քին դրա­կան կեր­պով ըն­դա­ռա­ջած է ­Սեր­պիոյ նա­խա­գա­հը` յանձ­նա­րա­րե­լով իր օգ­նա­կան­նե­րուն, որ հա­մայն­քին հետ գոր­ծակ­ցա­բար հար­ցին լու­ծում տրո­ւի, որ­պէս­զի ­Սեր­պիոյ հա­յու­թիւ­նը կա­րե­նայ պահ­պա­նել իր հա­ւատ­քը, լե­զուն եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը: