Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հարաւային Օսէթիոյ մէջ իրավիճակը հետզհետէ  աւելի կը սրի: Հանրապետութեան Գերագոյն դատարանի կողմէ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը չեղեալ համարուեցաւ, ինչ որ դժգոհութեան լուրջ ալիք յառաջացուց ընդդիմութեան մօտ: Յաղթական դուրս եկած ընդդիմադիր թեկնածու Ալլա Ջիոեւան  զրկուեցաւ ընտրութիւններուն մասնակցելու իր իրաւունքէն:

Ալլա Ջիոեւա ելոյթ ունեցաւ
Ցխինվալիի մէջ երէկ կայացած  հանրահաւաքին

Գերագոյն դատարանը կը պնդէ, թէ Ջիոեւայի կողմնակիցները խախտած են ինքնահռչակ հանրապետութեան Ընտրական օրէնսգրքի որոշ յօդուածներ, այսպէս «հնարաւոր չէ պարզել քուէարկութեան իրական պատկերը»:
Երէկ, Ցխինվալի կեդրոնէն ներս մեծ հանրահաւաք  մը կազմակերպուեցաւ, որու մասնակիցները պահանջեցին չեղեալ յայտարարել  դատարանի վճիռը եւ վերահաստատել Ջիոեւայի յաղթանակը:
Ալլա Ջիոեւա դիտել կուտայ, թէ «Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի 15 անդամները ստորագրած են ամփոփիչ արձանագրութիւնը, որով ես յաղթող կը ճանչցուիմ: Նման պայմաններու տակ Գերագոյն դատարանի նախագահի գործողութիւնները ես  կը որակեմ՝ հակաիրաւական ու հակասահմանադրական»։
Ջիոեւան աւելցուցած է թէ իր յաղթանակը բացայայտող 85 ընտրատեղամասային յանձնաժողովներու արձանագրութիւնները՝ իր տրամադրութեան տակ կը գտնուին: