Փետրուար 26ի գիշերը Պուէնոս Այրէսի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ, հանրահաւաք մը կազմակերպեցին Հ.Յ.Դ. Լատին Ամերիկայի Երիտասարդական Միութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամները, յիշատակելով Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի ջարդերու 28րդ տարելիցը։
«Ազգային մաքրազտման ծրագրի մաս կը կազմէին այս ջարդերը, այնպէս ինչպէս կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ» դիտել տուած է Երիտասարդական Միութեան անդամ Աքսել Կոստանեանը։ «Թուրք-ազերի պետութիւններու գործընթացները՝ ժխտումի ու մարդու իրաւունքներու ոտնահարման վրայ յենուած են» բացատրեց ան, աւելցնելով թէ «այսօր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի մէջ բանտերը լեցուն են լրագրողներով կամ արդարութեան համար պայքարող ակտիվիստներով»։
Բողոքի հաւաքին ընթացքին դատապարտուեցաւ ատրպէյճանական իշխանութիւններու հակահայ քաղաքականութիւնը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր, պատերազմի սպառնալիքներով եւ ուղղակի յարձակումներով, որ կը շեշտեն Ատրպէյճանի ռազմամոլ կեցուածքը։