Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altԹուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան` ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րող ո­րոշ­ման հա­մա­ձայն, Աղ­թա­մա­րի ­Սուրբ ­Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պա­տա­րագ կա­րե­լի է մա­տու­ցել ոչ միայն տա­րին մէկ ան­գամ, այլ ա­ւե­լի յա­ճախ` երբ անհ­րա­ժեշտ ըլ­լայ: ­Պոլ­սոյ հա­յոց պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ Ա­րամ ար­քե­պիս­կո­պոս

Ա­թե­շեա­նը այս առն­չու­թեամբ ը­սած է, որ ­Սուրբ ­Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­ռայժմ կրնան տա­րին միայն մէկ ան­գամ պա­տա­րագ մա­տու­ցել, ո­րով­հե­տեւ մաս­նակ­ցող­նե­րը քիչ են եւ տա­րին մէկ ան­գամ կրնան այն­տեղ եր­թալ:

Ըստ պատ­րիար­քա­կան փո­խա­նոր­դին՝ նա­խորդ տա­րի­նե­րուն ա­րա­րո­ղու­թեան կը մաս­նակ­ցէր ա­ւե­լի քան հա­զար հա­ւա­տա­ցեալ, բայց այդ թի­ւը աս­տի­ճա­նա­բար կը պակ­սի: Ա­րամ ար­քե­պիս­կո­պոս Ա­թե­շեան ը­սած է, որ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շու­մը ի­րենց հա­մար պար­տա­դիր չէ, բայց ե­թէ ար­տերկ­րէն խում­բեր գան եւ պա­տա­րագ մա­տու­ցե­լու հա­մար դի­մեն պատ­րիար­քա­րա­նին, ի­րենք կրնան օգ­տո­ւիլ այդ ի­րա­ւուն­քէն: