Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՇո­ւէ­տի մէջ, Փետ­րո­ւար 20ին, Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան առ­ջեւ, տեղ­ւոյն ատրպէյ­ճան­ցի­նե­րը կազ­մա­կեր­պած էին ցոյց՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով ոչ-աշ­խա­տան­քա­յին օ­րո­ւան ըն­թաց­քին նկա­րո­ւիլ Հ.Հ. դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան առ­ջեւ` յե­տոյ սե­փա­կան մա­մու­լի մէջ մար­դա­շատ ցոյ­ցի մա­սին ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն

տա­րա­ծե­լու հա­մար:

Ըստ News.a,ի՝ Շո­ւէ­տի հայ հա­մայն­քի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, նա­խա­պէս տե­ղե­կա­նա­լով ցոյ­ցի կազ­մա­կերպ­ման մա­սին, ա­նակն­կալ մա­տու­ցած են` ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րը դի­մա­ւո­րե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան դրօշ­նե­րով: Ար­դիւն­քով՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան սա­կա­ւա­մարդ ցոյ­ցը շատ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ ցրո­ւած է