Սուրիոյ հայութեան օգնութեան մարմինը (ՍԱՐՖ) Կիրակի՝ 21 Փետրուար 2016ի կէսօրէ ետք ժամը 2էն 8, վեց ժամուան ընթացքին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքէն հանգանակեց մէկ միլիոն 204 հազար տոլարէն աւելի գումար մը: ՍԱՐՖը շրջանիս կարեւորագոյն կազմակերպութիւններուն միացումով ստեղծուած
յանձնախումբ մըն է, որ Սուրիոյ հայութեան օգնութիւն հասցնելու ծրագիրներ կ՛իրականացնէ:
Թելեթոնի յայտագիրը պատրաստուեցաւ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ գտնուող «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանի սրահին մէջ եւ սփռուեցաւ «Հորիզոն», «Էյ.Ար.Թի.Էն» եւ «Եու.Էս.Էյ.Արմինիա» կայաններէն: Համագաղութային տենդ մը զգալի էր ամբողջ հանգանակութեան ընթացքին: Հանգանակային այս ծրագիրէն հանդէս եկան բազմաթիւ արուեստագէտներ, մտաւորականներ, միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հայկական վարժարաններու աշակերտներ, ինչպէս նաեւ՝ հոգեւոր եւ քաղաքական կառոյցներու պատասխանատուներ: