Թուրքիոյ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը մշակող յանձնաժողովը պիտի որոշէ ազգային փոքրամասնութիւններուն ցուցակը, որոնք նոյնպէս պիտի ներգրաւուին նախագիծի մշակման աշխատանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ “Hurriyet Daily News”։
“Կը կարծենք, որ Սահմանադրութեան մէջ կարեւոր է արտացոլել նաեւ ազգային փոքրամասնութիւններու կարծիքը”,- ըսած է ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակացութեան անդամ Աթիլլա Գարդ:
Երէք ենթայանձնաժողովներու անդամները պիտի հանդիպին ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ ընտրելու համար այն կազմակերպութիւնները, որոնք պիտի ընդգրկուին ցուցակին: