Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altԳեր­մա­նա­հայ­կա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ ան­յայտ ան­ձիք յար­ձա­կած են միու­թեան ցու­ցա­հան­դէ­սի նմոյշ­նե­րուն վրայ` ա­ւե­րե­լով ա­նոնց ո­րոշ օ­րի­նակ­ներ: ­Խօս­քը Աա­խէն քա­ղա­քի ­Ժո­ղովըր­դա­կան ու­սում­նա­րա­նէն ներս ըն­թա­ցող «1915-2015. հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թիւնն ու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը» խո­րա­գի­րով

ցու­ցա­հան­դէ­սի մա­սին է, որ ու­սում­նա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող «­Հայ­րե­նիք» շար­քէն մաս մըն է: ­Դէպ­քին ա­ռի­թով միու­թիւ­նը ոս­տի­կա­նու­թեան տո­ւած է հա­մա­պա­տաս­խան հա­ղոր­դագրու­թիւն մը: Ըն­կե­րակ­ցու­թեան տա­րա­ծած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ ­Ռաֆ­ֆի ­Գան­թեան կը ներ­կա­յաց­նէ, որ յի­շեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը յա­ջո­ղու­թեամբ եւ ա­ռանց մի­ջա­դէ­պե­րու ի­րա­կա­նա­ցո­ւած է ­Գեր­մա­նիոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ. «Աա­խէ­նի ժո­ղովըր­դա­կան ու­սում­նա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած վան­տա­լիզ­մը ոչ միայն ­Գեր­մա­նեւ­հայ­կա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան, այ­լեւ ու­սում­նա­րա­նին հա­մար բա­ցա­ռիկ էր»: Ու­շագ­րաւ է, որ յան­ցա­գործ­նե­րը ա­ւե­րած են ցու­ցա­հան­դէ­սի ա՛յն նմոյ­շը (նմոյ­շը պատ­ռած են դա­նա­կով), ուր պատ­կե­րուած էր հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան Ա­նա­տոլիոյ Ուր­ֆա­յի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին:

Այս­տեղ է, որ 1895 թուա­կա­նի ձմրան 3 հա­զար հայ այրո­ւած է կեն­դա­նի վի­ճա­կով, ո­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք ա­ռա­ջին ան­գամ կի­րա­ռո­ւած է հո­լո­քոսթ եզ­րոյ­թը: ­Գեր­մա­նեւ­հայ­կա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան հա­մար դեռ ըն­դու­նե­լի է այն, որ Աա­խէ­նի մէջ գոր­ծող եր­կու խմբա­ւո­րում­ներ ցու­ցադ­րու­թեան դէմ բո­ղո­քի գրու­թիւն մը տա­րա­ծած էին` ա­նոր մէջ ներ­կա­յաց­նե­լով ­Թուր­քիոյ տե­սա­կէտն ու միու­թիւ­նը մե­ղադ­րե­լով միա­կող­մա­նիու­թեան մէջ: «­Սա­կայն ան­յայտ ան­ձանց վան­տա­լիզ­մը լիո­վին ա­նըն­դու­նե­լի է. այն ար­ջի ծա­ռա­յու­թիւն կը մա­տու­ցա­նէ այդ խմբա­ւո­րում­նե­րու նպա­տակ­նե­րուն»,- ը­սո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: