Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՍու­րիա­հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան գոր­ծա­դիր մար­մի­նին (ՍԱՐՖ) կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ՍԱՐ­Ֆի թե­լե­թո­նին մեկ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ 11 ­Փետրուար 2016ի ե­րե­կո­յեան, Կ­լեն­տէյ­լի «­Ֆի­նի­շիա» ճա­շա­րա­նին մէջ. ներ­կայ էին գա­ղու­թի ե­րեք հա­մայնք­նե­րու հո­գե­ւոր հայ­րեր, յա­րա­նո­ւա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­

պէս նաեւ մեծ թի­ւով բա­րե­րար­ներ եւ հայ­րե­նա­կից­ներ, կը հա­ղոր­դէ «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թը:

Ե­րե­կո­յի հան­դի­սա­վարն էր ՍԱՐ­Ֆի փոխ-ա­տե­նա­պետ ­Ռաֆ­ֆի ­Քեն­տիր­ճեան, որ հա­կիրճ ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուց ­Փետ­րո­ւար 21ին կա­յա­նա­լիք ՍԱՐ­Ֆի թե­լե­թո­նին խոր­հուր­դը եւ շեշ­տեց մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն նիւ­թա­բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին:

ՍԱՐ­Ֆի ան­դամ եւ թե­լե­թո­նի յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու ­Վազ­գէն ­Մա­տեն­լեան իր կար­գին ներ­կա­յա­ցուց գործ­նա­կան աշ­խա­տանք­ներն ու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը, ուր որ անկ է, ի նպաստ ծրա­գի­րի փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեան: Ե­րե­կո­յի գլխա­ւոր պատ­գա­մա­բերն էր ­Հա­լէ­պէն ժա­մա­նած ­Սու­րիոյ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մայն­քա­պետ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Յա­րու­թիւն ­Սե­լի­մեան, որ հա­րա­զա­տօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց սու­րիա­հա­յու­թեան ա­մէ­նօ­րեայ տագ­նա­պին եւ գո­յա­տեւ­ման պայ­քա­րին մա­սին, յատ­կա­պէս՝ ­Հա­լէ­պի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ա­ռօ­րեայ ահն ու սար­սա­փը, ինչ­պէս նաեւ ըն­կե­րա­յին կեան­քի ա­նա­պա­հով վի­ճակն ու ցա­ւը…

Ան ը­սաւ.- «Ե­կէք զօ­րակ­ցի՛նք մայր գա­ղութ ­Սու­րիոյ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու ցաւն ու տագ­նա­պը մեղ­մաց­նե­լու այս նո­ւի­րա­կան աշ­խա­տան­քին»: Ա­րեւմ­տեան թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Յով­նան Արք. ­Տէր­տէ­րեան իր քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քե­րով ու «­Պահ­պա­նիչ»ով յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց սրբա­զան այս գոր­ծի բո­լոր աշ­խա­տա­կից­նե­րուն եւ մաս­նա­կից կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն։ Ե­րե­կո­յի հայ ե­րաժշտու­թիւ­նը հնչե­ցուց սի­րո­ւած ա­րուես­տա­գէտ ­Յա­րութ ­Փամ­պուք­ճեան: Ինչ­պէս միշտ, քսակ­նե­րը լայն բա­ցած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեամբ հա­ւա­քո­ւած գու­մա­րը այդ ե­րե­կոյ հա­սաւ 95.000 տո­լա­րի: