Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Փետ­րո­ւար 15ի ե­րե­կո­յեան, Պէյ­րու­թի մէջ, իր մահ­կան­ցուն կնքած է ծա­նօթ բե­մադ­րիչ եւ դե­րա­սան Պերճ Ֆազ­լեան: Պո­լիս ծնած Ֆազ­լեան կը հա­մա­րո­ւի լի­բա­նա­նեան թատ­րո­նի գլխա­ւոր հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը:

Ան կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցած է նաեւ լի­բա­նա­հայ թատ­րո­նի մօ­տիկ ան­ցեա­լի պատ­մու­թեան մէջ: Հան­դէս ե­կած է տաս­նեակ­նե­րով շար­ժան­կար­նե­րու մէջ եւ բե­մադ­րած՝ մեծ թի­ւով թա­տեր­գու­թիւն­ներ: Ֆազ­լեան իր ու­րոյն տե­ղը ու­նե­ցած է նաեւ լի­բա­նա­հայ գա­ղու­թի մտա­ւո­րա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ.- Ա­նոր դիր­քո­րո­շում­նե­րը կ­՚ըն­կա­լո­ւէին խո­րա­գոյն յար­գան­քով:

Որ­պէս թատ­րո­նի եւ թա­տե­րա­կան նիւ­թե­րու դա­սա­խօ­սի, ան ծա­նօթ ա­նուն էր Լի­բա­նա­նի հա­մալ­սա­րա­նա­կան շրջա­նակ­նե­րուն եւ ար­ժա­նա­ցած էր տե­ղա­կան մտա­ւո­րա­կան եւ գե­ղա­րո­ւես­տի շրջա­նակ­նե­րու յար­գան­քին: Պերճ Ֆազ­լեան 90 տա­րե­կան է­ր։

­