Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­Հա­լէպ քա­ղա­քը վեր­ջին օ­րե­րուն կ­՛անց­նի պա­տե­րազ­մա­կան շատ ծանր հանգ­րո­ւա­նէ մը: Ար­դա­րեւ, անց­նող շա­բաթ եւ յատ­կա­պէս վեր­ջին քա­նի մը օ­րե­րուն, սու­րիա­կան բա­նա­կը զի­նո­ւո­րա­կան ծանր գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող շրջան­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ: Հե­տե­ւա­ բար, մին­չեւ այս վայր­կեանս Հա­լէ­պի հա­յաբ­նակ թա­ղա­մա­սե­րէն ոչ շատ հե­ռու՝ ծայ­րա­մա­սա­յին շրջան­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցող զի­նո­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով, մերթ ընդ մերթ, կը լսո­ւին տար­բեր զէն­քե­րու հրաձ­գու­թեան եւ ռում­բե­րու ա­հեղ ձայ­ներ, ո­րոնց պատ­ճա­ռը քա­նի մը օ­րէ ի վեր սու­րիա­կան բա­նա­կի եւ զի­նեալ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած բա­խում­ներն են: Վե­րոն­շեալ պատ­ճա­ռով ալ, վեր­ջին քա­նի մը օ­րե­րու ըն­թաց­քին, բազ­մա­ցաւ զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս Հա­լէպ քա­ղա­քի զա­նա­զան շրջան­նե­րու վրայ, ո­րոնց կար­գին՝ նաեւ քրիս­տո­նէաբ­նակ եւ հա­յաբնակ շրջան­նե­րը:

Զի­նեալ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ հրթի­ռա­կոծ­ման թի­րախ կը դառ­նան Հա­լէ­պի զա­նա­զան շրջան­ներ՝ Նոր Գիւղ, Սիւ­լէյ­մա­նիէ, Վիլ­լա­ներ, Սէյ­րա­ֆիԳափ­րի), Թե­լե­ֆոն Հաո­ւաի, ալՃապ­րի­յէ, Մէյ­սե­լուն, Ա­զի­զիէ եւ այլ թա­ղա­մա­սեր: Ինչ­պէս որ նա­խա­պէս ալ նշած էինք՝ հրթի­ռա­կոծ­ման թի­րախ դար­ցած են նաեւ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սեր, ազ­գա­պատ­կան կա­ռոյց­ներ, ինչ­պէս Նոր Գիւղ շրջա­նի Սու­րիա­հայ Օգ­նու­թեան Խա­չի (Ս.Օ.Խ.) Հա­լէ­պի Ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րո­նը, որ ամ­բող­ջու­թեամբ վնա­սո­ւե­ցաւ, Սուրբ Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ, Հայ Ծե­րա­նո­ցիՎԿիւլ­պէ­նեան» մայ­րա­նոց) ու Քա­րէն Եփ­փէ ազ­գա­յին ճե­մա­րա­նի կարգ մը բա­ժին­ներ: