Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի Լիբանանի Կեդրոնական Յանձնախումբին կազմակերպած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի միջին-արեւելեան երկիրներու յանձնախումբերու խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ (Անթիլիաս), 13 Փետրուար 2016ին,
տարբեր երկիրներէ եկած զեկոյցներու կարգին, խորհրդաժողովի ներկաները ուշադրութեամբ ունկնդրեցին զեկոյցը հալէպահայութեան մասնակցութեան՝ համազգային այն մեծ իրադարձութեան, որ կը կոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նշում: Այս առիթով ներկաները բարձր կը գնահատեն սուրիահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէս բերած ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ կորովը. անոնք՝ գտնուելով պատերազմական ծանր պայմաններու տակ, ռմբակոծութիւններու ներքեւ` պատերազմին պատճառած իրենց արտահերթ եւ դժուարին մտահոգութիւններուն առընթեր, կը շարունակեն կեանքի ու մահուան կռիւ տալուն զուգընթաց մասնակցիլ համազգային մեր մտահոգութիւններուն:
Այս առիթով խորհրդաժողովին ներկաները միաձայնութեամբ իրենց ողջոյնը կ՛ուղղեն սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Կը մաղթեն, որ Սուրիան արագօրէն դուրս գայ պատերազմական այս իրավիճակէն, բռնէ խաղաղ բարգաւաճման ուղին եւ, այդ ճամբուն վրայ, սուրիահայութիւնը վերստանձնէ իր քաղաքացիական ու ազգային շինարար աշխատանքը:
Մինչ այդ, ժողովականները կը գտնեն, որ համայն հայութիւնը` Հայաստանի պետականութեամբ, հոգեւոր կեդրոններով, կուսակցական, ազգային բազմաբնոյթ մարմիններով, պարտի շարունակել իր ամբողջական այլաբընոյթ օժանդակութիւններով թիկունք կանգնիլ սուրիահայ մեր ազգակիցներուն, որպէսզի սուրիահայ գաղութը վերագտնէ ինքզինք եւ դառնայ երբեմնի հայակերտման օճախը: