Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՄոս­կո­ւա­յի մէջ ­Փետ­րո­ւար 12ին բա­ցո­ւած է Ար­ցախ ար­տադ­րո­ւող տար­բեր ապ­րան­քա­տե­սակ­նե­րու մշտա­կան գոր­ծող խա­նութ-տա­ղա­ւար: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Artsakhpress.am։ «­Ղա­րա­բաղ ­Կար­պետ» ըն­կե­րու­թեան ղե­կա­վար ­Սե­ւակ ­Խա­չատ­րեան, որ մաս­նակ­ցած է նշեալ խա­նու­թի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­

րա­րո­ղու­թեան, տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ ա­նի­կա բա­ցո­ւած է ­Մոս­կո­ւա­յի «Ար­մէ­նիա» տա­ղա­ւա­րին մէջ: «­Մեր ըն­կե­րու­թեան ար­տադ­րան­քը եւս ներ­կա­յա­ցո­ւած է խա­նու­թում, եւ ու­րա­խու­թեամբ պէտք է նշեմ, որ բա­ցի «­Ղա­րա­բաղ ­Կար­պետ»ից, Ար­ցա­խից ներ­կա­յա­ցո­ւած են «Ար­ցախ­բիօ», «Ար­ցախֆ­րուտ», «Ար­ցախ­բե­րի», «Է­լիտ», «­Ռեյփ­սիդ» եւ «­Կա­տա­րօ» ըն­կե­րու­թիւն­նե­րի ար­տադ­րա­տե­սակ­ներն, ին­չը կար­ծում եմ լուրջ ձեռ­բե­րում է` ար­ցա­խեան ար­տադ­րան­քը ի­րաց­նե­լու հա­մար»,- ը­սած է ­Խա­չատ­րեան` ա­ւելց­նե­լով, որ այդ ա­ռի­թով իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նէ Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան, քա­նի որ ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է պե­տա­կան ա­ջակ­ցու­թեան շնոր­հիւ: ­Խա­նութ-տա­ղա­ւա­րի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղած են Լ.Ղ.Հ. փոխ-վար­չա­պետ Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեան, ­Ռու­սաս­տա­նի ­Դաշ­նու­թեան մօտ Լ.Ղ.Հ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ալ­պերթ Անդ­րեան, Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Օ­լեկ Ե­սա­յեան, Ռ.Դ. հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, հայ գոր­ծա­րար­ներ եւ տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: