Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՏիգ­րա­նա­կեր­տիՏիար­պե­քիր) ­Սուր գա­ւա­ռին մէջ, ա­ւե­լի քան եր­կու ա­մի­սէ ի վեր շա­րու­նա­կո­ւող բա­խում­նե­րուն եւ կրա­կոց­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, տու­ժած ե­կե­ղե­ցի­նե­րու շար­քին է նաեւ ­Սուրբ ­Սար­գիս հայ­կա­կան կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին: Այս մա­սին «Ար­մէնփ­րես»ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նած է «Ա­կօս» թեր­թի գլխա­ւոր

խմբա­գիր Ե­դո­ւարդ ­Տան­ձի­կեան:

«Այս տա­րածք­նե­րուն մէջ, ուր բա­խում­ներ տե­ղի կ­՛ու­նե­նան, ե­կե­ղե­ցի­ներ կան: Ար­դէն եր­կու ա­մի­սէ ի վեր հոն ոչ մէ­կը կրնայ մտնել:

­Սուրբ ­Կի­րա­կոս հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը այ­սօր նա­հան­գա­պե­տին հետ հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նայ»,- նշած է ­Տան­ձի­կեան:

Թր­քա­կան IMC լրա­տո­ւա­մի­ջո­ցը տե­սա­նիւթ մը հրա­պա­րա­կած էր, ուր կ­՛ե­րե­ւէր, թէ ­Սու­րի ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մէ­կը շատ վնա­սո­ւած է: ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, վնա­սո­ւած են ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տերն ու պա­տու­հան­նե­րը: Ըստ ­Տան­ձի­կեա­նի՝ տե­սա­նիւ­թին մէջ պատ­կե­րո­ւած ե­կե­ղե­ցին ­Սուրբ ­Սար­գիս կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցին է, այլ ոչ թէ ­Սուրբ ­Կի­րա­կո­սը: