Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՖ­րան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ եր­գիչ ­Շառլ Ազ­նա­ւուր ա­մե­րի­կեան հե­ղի­նա­կա­ւոր CNN հե­ռուս­տաա­լի­քին հար­ցազ­րոյց մը տո­ւած է` անդ­րա­դառ­նա­լով ­Թուր­քիոյ կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման խնդրին: Լ­րագ­րո­ղը յի­շե­ցու­ցած է, որ աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշ­տը 2015 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 24­ին այ­ցե­լած էր ­Հա­յաս­տան` մաս­

նակ­ցե­լու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100­րդ ­տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րուն, ո­րոնց ծի­րէն ներս ը­սած էր, որ ի­րեն հա­մար կա­րե­ւոր չէ` ար­դեօք մար­դիկ կը կի­րա­ռեն «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րոյ­թը, թէ ոչ, կա­րե­ւո­րը ճանչ­նալն է այն, ինչ որ ե­ղած է:

«­Դուք ամ­բող­ջո­վին ճիշդ էք: Ին­չո՞ւ թուր­քե­րը պէտք չէ ճանչ­նան կա­տա­րո­ւա­ծը: Ոչ ոք թուր­քե­րուն կը հարցնէ, թէ ին­չո՞ւ սպան­նած են հա­յե­րը: Կ­րօ­նի՞ հա­մարչեմ կար­ծեր: Ես կար­դա­ցած եմ ­Ղու­րա­նը` հասկ­նա­լու, թէ ար­դեօք կայ ա­նոր մէջ ո­րե­ւէ բան, սա­կայն չկար, հե­տե­ւա­բար կրօ­նը պատ­ճառ չէր կրնար ըլ­լալ,­ – «Ար­մենփ­րես»-­ի փո­խանց­մամբ` ը­սած է Ազ­նա­ւուր:

Այն հար­ցու­մին, թէ ինչ է ի­րեն հա­մար հայ ըլ­լա­լը, շան­սո­նիէն նշած է, որ ի­րեն հա­մար պա­կաս կա­րե­ւոր չէ ֆրան­սա­ցի ըլ­լա­լը, սա­կայն ինք ծա­գու­մով հայ է եւ եր­բեք ա­տի­կա չի ժխտեր: «Ես հայ եմ եւ չեմ պատ­րաս­տո­ւիր ա­տի­կա մեր­ժե­լու: Ա­տի­կա սար­սա­փե­լի է:

Ես չեմ սի­րեր այն մար­դիկ, ո­րոնք կը թաքց­նեն ո­րոշ բա­ներ` վախ­նա­լով ինչ­որ տեղ չըն­դու­նո­ւե­լէն: ­Դուն չես սի­րե՞ր հա­յե­րը, ու­րեմն ես գա­ցի, յա­ջո­ղու­թիւն»,-­ նշած է Ազ­նա­ւուր:

CNN­ի լրագ­րո­ղը փոր­ձած է հասկ­նալ, թէ ո՞րն է երգ­չի յա­ջո­ղու­թեան գաղտ­նի­քը` հա­շո­ւի առ­նե­լով, որ ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­մե­նասկզբ­նա­կան շրջա­նին քննա­դատ­նե­րը կ­՛ը­սէին, թէ ան «չա­փա­զանց տգեղ է եւ կար­ճա­հա­սակ ու ու­նի ա­հա­ւոր ձայն»: «Ի դժբախ­տու­թիւն այդ քննա­դատ­նե­րուն, ո­րոնք ա­տի­կա ը­սած են, ես յա­ջո­ղու­թիւն ու­նե­ցայ: Ես ա­մէն գի­շեր մէկ ժամ գիրք կը կար­դամ եւ եւս մէկ ժամ տար­բեր լե­զու­նե­րով նոր բան կը սոր­վիմ նախ­քան քնա­նալս»,-­ յայտ­նած է Ազ­նա­ւուր` ա­ւելց­նե­լով, որ այժմ կը փոր­ձէ սոր­վիլ ռու­սե­րէն: