Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՈւր­բաթ՝ 12 Փետ­րո­ւա­րի ե­րե­կո­յեան, Կիպ­րո­սի Հա­յոց Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «Իւ­թիւ­ճեան» սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած է լրագ­րող-վեր­լու­ծա­բան՝ Նի­կո­սիոյ Ledra Collegeի հիմ­նա­դիր տոքթ. Եան­նոս Խա­րա­լամ­պի­տի­սի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցին մա­սին հե­ղի­նա­կած «The Rage of War» գիր­քին ներ­կա­յա­ցու­մը։

Յոյն-կիպ­րա­ցի ե­րես­փո­խան­նե­րէ եւ քա­ղա­քա­քէտ­նե­րէ, ինչ­պէս նաեւ՝ կիպ­րա­հայ հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րու­թեան եւ ան­դամ­նե­րէ բաղ­կա­ցած հոծ բազ­մու­թիւն մը ո­ղո­ղած էր սրա­հը, ունկնդ­րե­լու Նի­կո­սիոյ Հա­մալ­սա­րա­նի Ի­րա­ւա­բա­նու­թեան Բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար Ա­խիլ­լէաս Է­մի­լիա­նի­տի­սի կող­մէ կա­տա­րո­ւած՝ գիր­քին ներ­կա­յա­ցու­մը։ Ներ­կա­նե­րուն ի­րենց ու­ղեր­ձը փո­խան­ցե­ցին Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան, Կիպ­րո­սի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Սի­մոն Այ­նէ­ճեան, ինչ­պէս նաեւ՝ կիպ­րա­ցի եւ­րոե­րես­փո­խան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ Հայ Դա­տի բա­րե­կամ Տոքթ. Է­լէ­նի Թէօ­խա­րուս, ո­րոնք ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան՝ Խա­րա­լամ­պի­տի­սի գով­քը հիւ­սե­ցին, իբ­րեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ Ար­ցա­խի դա­տին ան­վե­րա­պահ պաշտ­պա­նի։ Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին, ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Եան­նոս Խա­րա­լամ­պի­տիս, որ լայն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւաւ «The Rage of War» գիր­քը հրա­տա­րա­կե­լու իր ո­րո­շու­մին մա­սին՝ բա­ցատ­րե­լով նաեւ Ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցի ի­րա­ւա­ցի եւ ար­դար ըլ­լա­լու նկատ­մամբ իր հա­մո­զու­մին պատ­ճառ­նե­րը, պնդե­լով որ ան հիմ­նո­ւած է Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­վա­րու­թեան ի­րա­ւուն­քին վրայ եւ յստա­կաց­նե­լով թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ո­րե­ւէ ձե­ւով չի կրնար բաղ­դա­տո­ւիլ հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի այս­պէս-կո­չո­ւած պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մի բա­ցա­կա­յու­թեան հետ։