Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­alt«100 LIVES» նա­խա­ձեռ­նու­թեան հիմ­նադ­րած «Աւ­րո­րա» (Aurora) մրցա­նա­կի ար­ձա­նի­կի գծագ­րա­կան պատ­կե­րը պի­տի ստեղ­ծեն «­Թու­մօ» Ս­տեղ­ծա­րար Ար­հես­տա­գի­տու­թեան ­Կեդ­րո­նի սա­նե­րը: Այս մա­սին կը յայտ­նէ «­Թու­մօ»ի ֆէյս­պու­քեան է­ջը:

Մէկ ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին «­Թու­մօ» ­Կեդ­րո­նին մէջ չորս դա­սըն­թա­ցա­վար­ներ պի­տի աշ­խա­տին չորս խում­բե­րու հետ: ­Խում­բե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը պի­տի մշա­կէ իր մտա­պատ­կե­րը, իսկ պի­տի ար­տադ­րո­ւի յաղ­թող խում­բի ա­ռա­ջար­կած ձե­ւա­ւո­րու­մը: ­Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք գծագ­րա­կան ձե­ւա­ւո­րու­մով (graphic design) չեն զբա­ղիր ու չորս դա­սըն­թաց­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րուն մէջ չեն, միեւ­նոյնն է, կրնան մաս­նակ­ցիլ` ա­ռա­ջար­կե­լով մրցա­նա­կի կար­գա­խօսն ու գու­նապ­նա­կը: ­Յաղ­թող կար­գա­խօսն ու գու­նապ­նա­կը պի­տի յայտարա­րո­ւին «100 LIVES»ի պաշ­տօ­նա­կա­տար ան­ձե­րուն կող­մէ Ապ­րիլ 23ին ­Դի­լի­ջա­նի մէջ:

«Աւ­րո­րա»ն ­հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սի­րա­կան ա­մե­նա­մեայ նոր մրցա­նակ է, որ պի­տի շնոր­հո­ւի այն ան­հատ­նե­րուն կամ խում­բե­րուն, ո­րոնք ի­րենց կեան­քը վտան­գի են­թար­կե­լով՝ օգ­նած են այ­լոց գո­յա­տե­ւե­լու: 2016ի Ապ­րիլ 24ին Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ­Ճորճ Ք­լու­նի յաղ­թո­ղին պի­տի յանձ­նէ անդ­րա­նիկ մրցա­նա­կը: