Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­altՀո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին եւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի ­Լի­բա­նա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Մար­մի­նին՝ անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եր­կօ­րեայ խորհր­դա­ժո­ղով մը գու­մա­

րո­ւե­ցաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «­Կի­լի­կիա» թան­գա­րա­նին մէջ։ ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րու ու ար­ձա­նագ­րո­ւած ի­րա­գոր­ծում­նե­րու ար­ժե­ւո­րու­մը եւ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան հա­մա­պա­տաս­խան ա­ռա­ջարկ­ներ:

Եր­կօ­րեայ այս խորհր­դա­ժո­ղո­վին ա­ռա­ջին նիս­տը գու­մարուե­ցաւ ­Շա­բաթ՝ 13 ­Փետ­րո­ւար 2016ի կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 3էն սկսեալ` ներ­կա­յու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեա­նի, ­Լի­բա­նա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Ա­շոտ ­Քո­չա­րեա­նի, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, հո­գե­ւոր հայ­րե­րու, միու­թե­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ հիւր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու: ­Նախ­քան նիս­տին գու­մա­րու­մը, ժո­ղո­վա­կան­նե­րէն խումբ մը այ­ցե­լեց ­Ժի­պէյ­լի «Թռչ­նոց բոյն»ի «Ա­րամ ­Պե­զի­կեան» թան­գա­րան: