Վաւերագրական շարժանկարներ արտադրող Փիթըր Մսըրլեանի «100ամեայ Վերապրողը» («The 100-Year-Old Survivor») ժապաւէնը, որ անցեալ տարի ցուցադրուած էր «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանէն եւ Լոս Անճելըսի KLCS կայանէն, Յունուար 23ին շահած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ ձայնասփիւռային եւ պատկերասփիւռային լուրերու միու
թեան «Կոլտըն Մայք» մրցանակը՝ խմբագրումի դասակարգին մէջ։
«Ասպարէզ» օրաթերթի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ պատկերասփիւռային հաղորդումներու ընթացքին ժապաւէնը դիտած է առնուազն 60.000 հոգի, որոնց մէկ երրորդը հայ չէ։
Տեղական «Էմմի» մրցանակներու արժանացած Մսըրլեան այս ժապաւէնը նկարահանած է քանի մը տարուան ընթացքին՝ սկսելով Ցեղասպանութենէն փրկուած Ղազարոս Քատեմեանի ծննդեան 100ամեակի տօնակատարութեամբ:
Ապա, մէկ տարուան ընթացքին, դիտողը ականատես կը դառնայ, թէ Քատեմեան բազմաթիւ ամերիկահայերու հետ միասին ինչպէ՛ս կը բռնէ արդարութիւնը որոնելու ճամբան: Շարժանկարը ցարդ ցուցադրուած է նաեւ Սաքրամենթոյի, Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ: