Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altԹր­քա­կան «­Տե­մոք­րաթ­հա­պեր» կը հա­ղոր­դէ, որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք որ­բա­ցած հայ ե­րե­խա­նե­րու հա­մար Ուր­ֆա­յի մէջ իբ­րեւ որ­բա­նոց ծա­ռա­յած կա­ռոյ­ցը պի­տի վե­րա­ծո­ւի ա­ռեւտ­րա­կան կեդ­րո­նի:

 «­Տե­մոք­րաթ­հա­պեր» կ­՛ընդգ­ծէ, որ ե­թէ 1950ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն Ուր­ֆա­յի բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ոչ-իս­լամ­ներ էին, ա­պա այժմ քա­ղա­քին մէջ ա­նոնց հետ­քե­րը գրե­թէ ամ­բող­ջու­թեամբ ջնջո­ւած են:

Որ­բա­նո­ցի տա­րած­քը յայտ­նի է նաեւ իբ­րեւ ճամ­բար, ուր ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ հա­ւա­քած են տա­րագ­րո­ւած հա­յե­րը:

2006ին կիւ­լե­նա­կան շար­ժու­մի հիմ­նա­դիր Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լե­նի հետ մտե­րիմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով յայտ­նի «Աթ­լաս Հոլ­տինկ» եւ «­Տի.Էն.Առկազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը որ­բա­նո­ցի տա­րած­քին մէջ 5 աստ­ղա­նի պան­դոկ հիմ­նե­լու հա­մար դի­մած էին մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան: Դի­մու­մը ըն­դու­նո­ւած էր միայն 2010ին:

Կը նա­խա­տե­սո­ւէր, որ նա­խա­գի­ծը ա­ւար­տին հաս­ցո­ւի 2014ին, սա­կայն Կիւ­լե­նի եւ իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան մի­ջեւ ծա­գած տագ­նա­պին պատ­ճա­ռով ծրա­գի­րը չե­ղեալ նկա­տո­ւե­ցաւ: Հե­տա­գա­յին տա­րած­քը տրո­ւած էր Զ­բօ­սաշր­ջա­կան ներդ­րում­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեան:

Ներ­կա­յիս կը նա­խա­տե­սո­ւի որ­բա­նո­ցի տա­րած­քին մէջ կա­ռու­ցել ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րոն մը: