Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

­alt«­Մար­մա­րա» կը հա­ղոր­դէ, որ ­Սե­բաս­տիոյ հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ մաք­րու­թեան ու բա­րե­կար­գու­մի աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րո­ւած են քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ կա­ռա­վա­րու­թեան յա­տուկ սպա­սար­կու­թեան միա­ցեալ ծրա­գի­րի մը ծի­րին մէջ:

 

«­Հան­րօ­գուտ աշ­խա­տանք» ա­նու­նով այս ծրա­գի­րի ծի­րէն ներս նաեւ կը նա­խա­տե­սո­ւի մաք­րո­ւած տա­րածք­նե­րուն մէջ ծա­ռա­տունկ ի­րա­կա­նաց­նել: «­Հա­պեր­լեր» լրա­տու կայ­քը կը գրէ, թէ խումբ մը հա­յեր այ­ցե­լած են աշ­խա­տան­քի սպա­սար­կու­թեան տնօ­րէն ­Նու­րէտ­տին ­Կէօք­սա­լին ու շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար: Իր կար­գին, ­Կէօք­սալ տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ բա­րե­կար­գու­մի աշ­խա­տանք­նե­րը գար­նան պի­տի շա­րու­նա­կո­ւին:

«­Մենք պար­զա­պէս մեր դրա­ցիա­կան պարտ­քը կը կա­տա­րենք 800 տա­րո­ւան ան­ցեա­լով Ս­վա­զի բնա­կիչ մեր դրա­ցի­նե­րուն նկատ­մամբ»,- նշած է տնօ­րէ­նը: