Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

altՍու­րիոյ Քե­սապ գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րը պատ­մած են տեղ­ւոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ թուր­քե­րու կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած վան­տա­լու­թեան մա­սին։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Interfax Religion:

 «­Քե­սա­պի հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին (յատ­կա­պէս ե­կե­ղե­ցա­կան) կեդ­րոն­նե­րը շատ տու­ժած են Իս­լա­միստ­նե­րու եւ թուր­քե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն: Երբ գիւ­ղը ա­զա­տագ­րո­ւե­լէն ետք ե­կայ` տե­սայ եր­բեմ­նի ծաղ­կող ե­կե­ղեց­ւոյ մերկ պա­տե­րը միայն»,- Rossijskaya Gazeta dailyին ը­սած է տեղ­ւոյն հայ բո­ղո­քա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տո­ւե­լի Ժի­րայր Ղա­զա­րեան:

Այլ քե­սապ­ցի մը` Յա­կոբ ա­նու­նով, ը­սած է, որ գրո­հա­յին­նե­րը Քե­սա­պի գրաւ­ման այդ օ­րե­րուն ապ­րած են իր տան մէջ: «­Թուր­քիան մեծ դեր խաղ­ցած է մեր տա­ռա­պանք­նե­րուն մէջ: Երբ «­Ճապ­հատ ալ Նուս­րան» ներ­խու­ժեց Քե­սապ, Թուր­քիոյ յա­տուկ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րու ամ­բողջ ջո­կատ­ներ՝ Սա­լա­ֆի­նե­րու հետ միա­սին՝ նոյն­պէս ներ­խու­ժե­ցին գիւղ: Տե­ղի պա­հա­պան­նե­րը բնա­կիչ­նե­րը փրկած են նոր հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ մը: Ա­նոնք պայ­քար սկսած են հրո­սա­կա­խում­բե­րու դէմ, ինչ որ տե­ղա­ցի­նե­րուն ժա­մա­նակ տո­ւած է լքե­լու գիւ­ղը: Սա­կայն, երբ թուր­քե­րը գրա­ւե­ցին Քե­սա­պը, ա­նոնք այս­տեղ բե­րին ի­րենց հա­րե­ւան գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­նե­րը, ո­րոնք մեր ու­նե­ցած բո­լոր թան­կար­ժէք ի­րե­րը դրին քար­շակ­նե­րու, սայ­լակ­նե­րու վրայ եւ պար­զա­պէս «քշե­ցին» դէ­պի Թուր­քիա»,- ըստ Armradio.amի՝ ը­սած է ան: